Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մհեր Ջուլհաճեանի Ծննդեան 46-Ամեակը Նշուեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ
Նոյեմբեր 28-ին, զոհուած ազատամարտիկ, Երեւանի պետական համալսարանի նախկին ուսանող լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն կազմակերպուած էր նշեալ համալսարանին մէջ:
Այս առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ ծնած, հասակ նետած, ազգային վեհ սկզբունքներով կազմաւորուած Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքին ու նահատակութեան:
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.-ի Բաժանորդներէն Եւս 30-ը`
Յատուկ Խաղարկութեան Երկրորդ Հանգրուանի
Յաղթողները, Ստացան Իրենց Սմարթֆոները
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հիւրընկալած է «Անձնական» եւ «Խօսում է քաղաքը» սակագնային ծրագիրներու բաժանորդներուն միջեւ իրականացուած խաղարկութեան երկրորդ հանգրուանի յաղթողները, որոնք հրաւիրուած էին ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակ` իրենց նուէրները ստանալու համար: Նուէրները յանձնած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Յայտնենք, որ խաղարկութիւնը կազմակերպուած էր «Անձնական» եւ «Խօսում է քաղաքը» սակագնային ծրագիրներու այն բաժանորդներուն համար, որոնք տուեալ պահուն ունեցած են «Յատուկ» ծրագրի աշխուժ բաժանորդագրութիւն: Խաղարկութեան չեն մասնակցած միակողմանի կամ երկկողմանի անջատուած հեռախօսահամարները, ինչպէս նաեւ` նախորդ խաղարկութեան իբրեւ արդիւնք սմարթֆոն ստացած 20 բաժանորդները:
Նոյեմբեր 24-ին կայացած խաղարկութիւնը կազմակերպուած է տեսախցիկներու առջեւ: Օգտագործուած է յատուկ մշակուած Microsoft.NET Random class selection on the system time համակարգչային ծրագիր: Բաժանորդները տեղեկացած են խաղարկութեան եւ անոր պայմաններուն մասին` կարճ հաղորդագրութեան միջոցով: Ընդհանուր առմամբ, հոկտեմբեր, նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն պիտի խաղարկուի 100 սմարթֆոն:
«Անձնական», «Խօսում է քաղաքը» սակագնային ծրագիրներու իւրաքանչիւր բաժանորդ կրնայ իր մտերիմներէն մէկուն համար բաժանորդագրուիլ «Յատուկ» ծրագրի, որ ընդամէնը 2500 դրամ ամսավճարի դիմաց կը տրամադրէ 1500 վայրկեան ներառուած ներցանցային խօսելու ժամանակ եւ դէպի Հայաստանի բջիջային ցանցեր 150 կարճ հաղորդագրութիւն ուղարկելու կարելիութիւն:
Եռամսեայ այս խաղարկութիւնը եւս մէկ անակնկալ է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ` իր հաւատարիմ բաժանորդները խրախուսելու համար:
Կայացաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին Կից Ատեանին
Հերթական Նիստը
Նոյեմբեր 29-ին նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարին կից ատեանին հերթական նիստը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան ներկայացուց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հինգ տարիներու գործունէութեան ամփոփման ժամանակ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթէն եւ Հայաստանի նախագահի հոկտեմբեր 22-ի հրամանագրէն բխող ձեռնարկներու ծրագիրները, մայրենի լեզուի իմացութեան աւելացման եւ տարածման ձեռնարկներու, հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան պահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման, «Հայկական ընտանիք» եւ շարք մը այլ ծրագիրներու մշակման ընթացքը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած 2013-ին «Մեր մեծերը» ծրագրի շրջանակներուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ 2014-ին «Մեր մեծերը» ծրագրին մէջ ընդգրկուելու համար առաջարկուող անուններուն վերաբերող զեկոյցով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեանը:
Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան նախագահ Գ.Արշակեան ներկայացուց 2014 թուականի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ տրամադրուելիք գիտական եւ կրթական գործունէութեան պայմանագրային ֆինանսաւորման նպատակով գիտական թեմաներու ցանկը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան 2012 թուականի նոյեմբերէն 2013 թուականի նոյեմբեր ինկած ժամանակահատուածին մէջ կատարած աշխատանքներու մասին հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ վարչութեան նախագահը` Էվելինա Բաղդասարեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ պէտք է յստակացնել հայաստանեան եւ սփիւռքեան լրատուական դաշտերու հետ աշխատանքի ռազմավարութիւնը: «Մենք պէտք է ձգտինք առաւելագոյն չափով Հայաստանի քաղաքացիի սեփականութիւնը դարձնել սփիւռքեան իրադարձութիւնները», ընդգծեց նախարարը` աւելցնելով. «Հայերն այսօր» եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանին մէջ աւելի շատ պէտք է պատրաստուին եւ տեղադրուին բարձրորակ տեղեկատուական-վերլուծական բազմատեսակ նիւթեր»:
«Ծիտը. Շուշիի Մէջ Նկարահանուած Է
Առաջին Շարժանկարը
Թումանեանական օրերու ծիրին մէջ «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնի Շուշիի մասնաճիւղը նկարահանած է շարժանկար (animation) մը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը այս օրերուն կայացաւ Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ:
Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» Շուշիի մէջ ստեղծուած առաջին շարժապատկերն է: Մեծ բանաստեղծին հեքիաթի հետեւողութեամբ նկարահանուած ժապաւէնին բեմադրիչը ֆրանսահայ Մայտա Շանտեզ Աւագեանն է, որ Շուշիի մէջ մէկ տարի աշխատած է իբրեւ կամաւոր, կերպարուեստի դասեր տուած է շուշեցի փոքրիկներուն:
Ժապաւէնի արտադրիչ Արեւիկ Աւանեսեանը «Նիուզ»-ին յայտնած է, որ ժապաւէնին կերպարները ամբողջութեամբ ստեղծած են Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի կեդրոն յաճախող փոքրիկները: Նկարահանումներուն մասնակցած է դերասան Կարէն Ջահանգիրովը: Օգտագործուած է Արթօ Թունչպոյաճեանին երաժշտութիւնը:
Համօ Սահեանի Ծննդավայրին Մէջ Պիտի Կանգնեցուի
Բանաստեղծին Յուշարձանը
Քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեան իր աւարտին հասցուցած է Համօ Սահեանի ծննդավայրին` Սիւնիքի մարզի Լոր գիւղին մէջ տեղադրուելիք յուշարձանին նախագիծը: Քանդակագործին համաձայն, պազալթէ քանդակը պիտի ունենայ 2.5 մեթր բարձրութիւն: «Կը նախատեսեմ, որ արձանին վրայ տեղ գտնեն նաեւ բանաստեղծին ստեղծագործութիւններէն որեւէ մէկուն տողերը», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Գետիկ Բաղդասարեանը:
Ան նշած է, որ գործին սկսելու համար կը պակսին միայն նիւթական միջոցները, որոնք յառաջիկային պիտի գոյանան: Քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեանը Համօ Սահեանի քանդակի բազմաթիւ նախագիծեր հեղինակած է. ան շատ մտերիմ եղած է գրողին, ինչ որ մեծապէս կ՛օժանդակէ քանդակը աւելի հարազատութեամբ, գիծերու մանրամասնութեամբ ներկայացնելու:
Համօ Սահեանի գլխաւոր արձան-ժայռաբեկորին հեղինակը եւս Գետիկ Բաղդասարեանն է: Քանդակը կը գտնուի Սիսիան քաղաքի կեդրոնական հրապարակին յարող զբօսայգիին մէջ:
14 ապրիլ 2014-ին կ՛ամբողջանայ մեծ բանաստեղծ Համօ Սահեանին 100-ամեակը: Անոր ծննդավայրին` Սիւնիքի մարզի Սիսիանի տարածաշրջանի Լոր գիւղին մէջ գտնուող հայրական տան մէջ տեղի կ՛ունենան վերանորոգման աշխատանքներ` Զարգացման գրասենեակին միջոցով: Նախատեսուած է, որ անիկա կը վերածուի տուն-թանգարանի, որուն մօտակայքը պիտի տեղադրուի վերոյիշեալ յուշարձանը:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Ընդունեց Սփիւռքահայ Ուսանողներու Խորհուրդի
30 Գործուն Ուսանողներ
Նոյեմբեր 19-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի 30 առաւել գործուն ուսանողներ` աշխարհի 10 երկիրներէ:
Շնորհաւորելով սփիւռքահայ ուսանողները Ուսանողներու միջազգային օրուան առիթով` նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորաբար ըսաւ. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, դուք կարելիութիւն ունիք ապրելու եւ դաստիարակուելու այլ հասարակարգի մէջ, այս մէկը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ մտածելու աւելի ազատ` այսպիսով ձեւաւորելով ձեր մէջ աւելի լայն աշխարհահայեացք»:
Հրանուշ Յակոբեան ուսանողներուն պատգամեց լաւ սորվիլ, ըլլալ մրցունակ, գաղափարներով հարուստ եւ նորարար` 21-րդ դարու արժանի սերունդ, լաւ քաղաքացի, ամէնուրեք պահպանել ազգային դիմագիծը եւ մարդկային բարձր բնութագիրը:
Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրերով պարգեւատրեց անցած տարուան ընթացքին առաւել աշխոյժ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած եւ բարձր յառաջադիմութիւն ցուցաբերած 10 սփիւռքահայ ուսանողներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին սփիւռքահայ ուսանողութեան հանդէպ մնայուն ուշադրութեան եւ հոգածութեան համար` խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մկոյեան նշեց. «Երիտասարդները պատրաստ են աշխատելու, երբ անոնց գործը կը գնահատուի: Ուսանողներու միջազգային օրուան առիթով այս հանդիպումը եւ այս գնահատանքը մեծ եռանդ կը հաղորդէ մեզի»:
Հանդիպման աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարը պատասխանեց ուսանողները հետաքրքրող հարցումներուն:
Սրխաւենդի Մէջ Տեղադրուեցաւ Արցախի Հերոս
Պետրոս Ղեւոնդեանի Պրոնզէ Կիսանդրին
Նոյեմբեր 24-ին Ղարաբաղի մէջ նշուեցաւ Սրխաւենդի առանձնակի գումարտակի կազմաւորման 22-ամեակը: Գումարտակի կեդրոնատեղիի տարածքին մէջ վերաբացուեցաւ Արցախի հերոս Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետօ) պրոնզէ կիսանդրին, որ երեք տարի առաջ հոն տեղադրուած էր կրաքարի վիճակով: Նշենք, որ կիսանդրիին հեղինակը Անդրանիկ Պօղոսեանն է:
Յիշեցնենք, որ Պետրոս Ղեւոնդեան 1989-էն սկսեալ մասնակից եղած է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու ինքնապաշտպանութեան եւ Արցախի ազատագրական մարտերուն: Դաշնակցութեան անդամ Պետոն Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխ հրամանատարն էր: 1993-ի յունուարին, Սրխաւենդի մէջ, Պետոն հակօդային հրթիռարձակով վար առաւ հայկական դիրքերը ռմբակոծող ազրպէճանական «Միկ-25» ռազմօդանաւը: Պետրոս Ղեւոնդեանը զոհուած է 1994 -ի փետրուարի 14-ին, Քարվաճառի մէջ, ականի պայթումին իբրեւ հետեւանք:
1996-ին, յետ մահու, պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» շքանշանով: 2001-ին Պետրոս Ղեւոնդեանին շնորհուած է Արցախի հերոսի կոչում:
Կայացաւ Գրիգոր Ճանշեանի` Աւելի Քան Մէկ Դար Անց
Վերահրատարակուած «Եղբայրական Օգնութիւն Հայերուն»
Ժողովածուին Շնորհահանդէսը
Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կայացաւ Գրիգոր Ճանշեանի` աւելի քան մէկ դար անց վերահրատարակուած «Եղբայրական օգնութիւն հայերուն» ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Նախարարը բարձր գնահատեց Գրիգոր Ճանշեանի` ժամանակին Ռուսիոյ լայն հասարակութեան եւ կառավարական շրջաններուն Հայաստանի մէջ այդ օրերուն 1894-1896 թուականներուն կատարուող իրադարձութիւններու մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ գիտնական այրերու գրիչով հայ ժողովուրդի անցած դարաւոր ուղին լուսաբանելու, հայ ժողովուրդի ստեղծած մշակութային անկրկնելի արժէքները վեր հանելու եւ հայորդիներու կողմէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մատուցած ծառայութիւնները ներկայացնելու ջանքերը:
«Եղբայրական օգնութիւն հայերուն» ժողովածուն առաջին անգամ լոյս տեսած է 1898-ին Մոսկուայի մէջ եւ ժամանակակիցները բնութագրած են` իբրեւ «Գիրք-Աիմֆոնիա», «Գիրք-Հանրագիտարան», «Մատեան արեան եւ արցունքի»: Գիրքի ստեղծման բուն շարժառիթը 19-րդ դարավերջին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային կոտորածներն էին, որոնց պատճառով հազարաւոր հայ փոքրիկներ, կիներ եւ ծերեր ոչնչացուած էին, իսկ փրկուածներն ալ յայտնուած էին սովի եւ մահուան ճիրաններուն մէջ:
«Ճանշեանն այս ժողովածուով ռուս հասարակութեանը ոչ միայն ներկայացուցած է հայերու հետ տարուող դաժան քաղաքականութեան ողջ ճշմարտութիւնը, այլեւ գիրքի վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը` 60.000 ռուբլի, Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան միջոցով տրամադրած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանին` որբանոցներ բանալու համար, որուն իբրեւ արդիւնք բացուած է 12 որբանոց, եւ Ճանշեանին տուած են «Որբերու հայր» պատուատիտղոսը», ընդգծած է նախարարը:
«Շնորհակալ ենք պարոն Ալպերթ Իսոյեանին եւ Արամ Կարապետեանին, որոնք մաքրելով դարերու կարծրացած փոշին, կրցան յաւուր պատշաճի ուսումնասիրել եւ 115-ամեայ դադարէ ետք վերահրատարակել մեծ հայու այս աշխատութիւնը», իր խօսքը եզրափակեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարը:
«Հայագիտակ» հրատարակչութեան հիմնադիր տնօրէն Ալպերթ Իսոյեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Գրիգոր Ճանշեանի գիրքի լուսապատճէնման տարբերակով ճշգրիտ վերականգնելու եւ երկրորդ անգամ վերահրատարակուելու պատմութիւնը:
«Գրիգոր Ճանշեան» հեղինակին, մարդուն, գործիչին եւ անոր «Եղբայրական օգնութիւն հայերուն» աշխատութեան մասին ելոյթով հանդէս եկաւ գիրքի նախաբանին հեղինակը, Կրթութեան պետական տեսչութեան նախագահ Արամ Կարապետեան, նշելով, որ Ճանշեանին նիւթը կ’ուղեկցուի հայու եւ հայկականի մասին բծախնդրօրէն ընտրած պատկերներով եւ լուսանկարներով, որոնք կը վերաբերին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններուն, հայկական գաղթավայրերուն: Ժողովածուին մեծ շուք կը հաղորդէ նաեւ այն հանգամանքը, որ անոր ստեղծման մասնակցած են ժամանակի մեծահամբաւ հայ նկարիչներ. Յովհաննէս Այվազովսկին գիրքին մէջ զետեղելու համար Նիսէն հրատարակիչին ուղարկած է չորս բնագիր նկար:
Ժողովածուին մասին կարծիք յայտնեցին Ա. Գէորգեան, Ա. Պլէեան, Ա.Յակոբեան եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ շատ բարձր գնահատեցին զայն:

