«Ազդակ»` Ութսուվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտի Մարզաւանին Եւ Ժողովրդային Բնակարաններու Կառուցումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պուրճ Համուտ, հետզհետէ ընդարձակուելով, 1960-ական տարիներուն արդէն դարձած էր Լիբանանի կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը` իր ճարտարարուեստական գօտիով, գործարաններով ու աշխատանոցներով: Քաղաքապետութեան ջանքերով կառուցուեցան մարզաւանը եւ ժողովրդային բնակարանները:
«Ազդակ»-ի թղթակիցներ օրին հանդիպումներ ունեցած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հետ` տարուող աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքած են եւ 21 եւ 22 մայիս 1963-ի թիւերով եւ «Պուրճ Համուտ արդիական քաղաք. երկու հանրօգուտ ծրագիրներ. մարզական աւան եւ ժողովրդային բնակարաններ» խորագիրով թղթակցութիւններով անդրադարձած են մարզաւանի եւ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան աշխատանքներուն:
***
Լիբանան 1950-ական տարիներուն հսկայաքայլ յառաջդիմեց գրեթէ բոլոր մարզերու մէջ: Ակնբախօրէն տեսանելին անշուշտ շինարարական մարզն է, որուն արձանագրած նուաճումները անհերքելիօէն կը փաստեն այս փոքր երկրին յարաճուն վերելքը: Իրար ետեւէ, գովելի նախանձախնդրութեամբ մը, կեանքի կոչուեցան հաստատութիւններ, որոնք պատիւ կը բերեն լիբանանցի ժողովուրդին, որուն գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը եղած է ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ, նետուիլ յանդուգն ձեռնարկներու մէջ եւ արդարօրէն քաղել իր յանդգնութեան պտուղները:
Լիբանանի միջազգային օդակայանը` Խալտէն աշխարհի առաջնակարգ խարիսխներէն մէկը կը նկատուի, թէ իր շէնքերու գեղեցութեամբ, թէ փիսթերու երկայնքով ու լայնքով, եւ թէ մանաւանդ օդանաւերու եռուզերով: Մարզաւանի գեղեցկութիւնը, իր ճարտարապետական ոճով եւ ամբողջութեամբ, նախանձը կը գրգռէ եւրոպական երկիրներուն: Ձայնասփիւռի կայանին մէջ ամփոփուած են Տեղեկատուութեան բոլոր սպասարկութիւնները: Նշենք նաեւ Արդարութեան նոր պալատը` թանգարանէն Նահր տանող քորնիշին վրայ: Իրականութիւն կը դառնայ նաեւ կառավարական աւանը:
Լիբանանի ու մասնաւորաբար` Պէյրութի բարգաւաճ վերելքէն անմասն չմնաց Պուրճ Համուտ հայաշատ կեդրոնը: Ընդհակառակն, այդ շրջանին մէջ, յառաջդիմութիւնը աւելի քան որեւէ այլ տեղ` ակներեւ է, որովհետեւ գրեթէ ոչինչէն, քաոսէն ծնած քաղաք մըն է որ կը պարզուի մեր աչքերուն առջեւ, երբ կ՛անցնինք Նահրի կամուրջէն եւ կը մտնենք Պուրճ Համուտի քաղաքապետական շրջանէն ներս:
Տասնեակ տարիներ առաջ, ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէր Պուրճ Համուտը, ուր գլխաւորաբար ապստան գտած էր հայ ժողովուրդի համեստ դասակարգը, ոմանք առաջին օրերէն սկսեալ, ուրիշներ` Քարանթինայի մեծ հրդեհէն ետք: Ճախճախուտ վայրեր էին այսօրուան բանուկ ճամբաներուն եւ բազմայարկ շէնքերուն տեղ տուած ընդարձակ տարածութիւնները: Բայց հայուն քրտինքը խառնուեցաւ այս ասպնջական հողին` զայն վերածելու համար ծաղկեալ ոստանի:
Պուրճ Համուտ այսօր դարձած է Լիբանանի կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը, մասնաւորաբար իր ճարտարարուեստական գօտիով, ուր հաստատուած են բազմաթիւ գործարաններ եւ մեծ աշխատանոցներ, որոնք կորիզը կը կազմեն այս փոքր երկրին երիտասարդ ճարտարարուեստին:
Հետզհետէ ընդարձակուելով, զարգանալով ու բարգաւաճելով, Պուրճ Համուտ սկսած է նախանձը գրգռել միւս քաղաքապետութեանց, շնորհիւ իր իրագործումներուն եւ նուաճումներուն:
Աւելի մօտէն տեղեակ ըլլալու համար ծրագրուած աշխատանքներուն, նոյն ատեն շահեկան ծանօթութիւններ տալու նախանձախնդրութեամբ, «Ազդակ»-ի աշխատակիցներ 1963 մայիսին դիմեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի, որ սիրով ընդունեց զանոնք քաղաքապետարանի իր շքեղ դահլիճին մէջ:
Յակոբ Աշճեան, որ մօտ ինը ամիսէ ի վեր կը վարէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախագահութիւնը, խանդավառութեամբ խօսեցաւ քաղաքապետութեան ծրագիրներու մասին.- անոնց` որոնց իրագործման առաջին եւ կարեւոր քայլերը առնուած էին արդէն, եւ այլ ծրագիրներ, որոնք հետզհետէ պիտի իրագործուէին` յօգուտ շրջանի բնակչութեան:
Առաջին առթիւ, մեզ հետաքրքրողը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտն էր, որուն շինութեան համար, նոր քաղաքապետը, իր նշանակումէն ի վեր, անդադար կ՛աշխատէր պատկան իշխանութեանց մօտ, որպէսզի ան հրաժեշտ վարկերը ձեռք բերէր շրջանը օժտելու համար արժանավայել մարզարանով մը:
Քաղաքապետը ակնյայտ ուրախութեամբ մը յայտնեց, թէ Մարզաւանի յատուկ հողին գնումը տեղի ունեցած է արդէն եւ յառաջիկայ աշնան պիտի սկսին շինութեան աշխատանքները եւ մեծ յոյսեր կան, որ տարի մը ետք, դաշտը իր բոլոր ստորաբաժանումներով կեանքի կոչուած ըլլայ:
Գնուած հողը, որ կը գտնուի Թրատի ու Սին Էլ Ֆիլի պողոտային միջեւ, կը պատկանէր Ճօ Թապէթի եւ ունի 64,370 քառ. մեթր տարածութիւն: Պիտի ծառայէր երկու նպատակի. մարզաւանի եւ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան: Արժած է 2.542.615 լ. ոսկի: Այս գումարին 1.226.000-ը յատկացուած է լիբանանեան կառավարութեան կողմէ, մնացեալ գումարը տրամադրուած է քաղաքապետութեան սնտուկէն:
Դաշտին ամբողջական տարածութիւնը պիտի ըլլայ 27.000 քառ. մեթր, 180×150: Ֆութպոլի բուն խաղավայրը պիտի ունենայ միջազգային միջակ չափեր` 110-ի վրայ 75 մեթր, ինչպէս նաեւ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւն:
Ֆութպոլի խաղավայրին հիւսիսային կողմը պիտի յարդարուին աթլեթիք խաղերու վայրեր. ոստումի, նիզակի, սկաւառակի, մուրճի եւ գունտի առանձին փիսթերով: Հարաւային կողմը, երկու փիսթեր` բարձրութիւն ցատկելու համար:
Մարզաւանի չորս անկիւններուն վրայ, պիտի շինուին պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի երկուական դաշտեր:
Խաղավայրին շուրջը պիտի յարդարուէին վազքուղիներ, բոլոր տեսակի մրցումներու համար:
Խաղավայրի արեւմտեան կողմը պիտի շինուէր թրիպիւն մը, որ պիտի ունենար իր պատուոյ մասնաբաժինը. թրիպիւն մը պիտի շինուէր նաեւ արեւելեան կողմը: Բոլոր թրիպիւնները պիտի կարենային 30-40,000 ժողովուրդ պարփակել: Դաշտը պիտի ունենար լոյսի գրութիւն` գիշերային մրցումներու համար:
Այլ տեղեկութիւններ տալէ ետք, քաղաքապետը յայտնեց, թէ 4-6 միլիոն լ. ոսկիի կարիք կայ` իրագործելու համար այս ծրագիրը:
«Տակաւին վերջնական հաշիւները չենք ըրած: Աշխատանք պիտի տանինք, որպէսզի այս գումարին կէսը յատկացում ըլլայ կառավարութեան կողմէ, որպէսզի մնացեալ գումարով, հնարաւորութիւն ունենանք այլ ծրագիրներ իրագործելու. կը հաւատամ, թէ այս ծրագրին մէջ եւս պիտի յաջողինք, որովհետեւ ըլլայ հանրապետական նախագահը, ըլլայ կառավարութիւնը շատ լաւ տրամադրուած են եւ խոստում մը եղած է այդ ուղղութեամբ»:
Նախքան տեսակցութեան առաջին մասը աւարտիլը, Յակոբ Աշճեան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլի եւ պետական հայ երեսփոխաններուն, որոնք մեծապէս նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան:
***
Երկրորդ կարեւոր ծրագիրը, որու մասին խանդավառութեամբ կ՛արտայայտուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետը` ժողովրդային բնակարաններու շինութիւնն է, գնուած հողամասի մնացեալ մասին վրայ:
Որոշուած էր կառուցել 1000 բնակարաններ, իւրաքանչիւրը հինգ յարկերէ բաղկացած պլոքներով: Այս առթիւ լոյս տեսած հրամանագիրը յստակօրէն կը ճշդէր, թէ նորակառոյց բնակարանները պիտի յատկացուին մի միայն օթոսթրատի երկու կողմերուն վրայ գտնուող հիւղաւաններու բնակիչներուն:
Նոյն հողին վրայ, պիտի շինուէր նաեւ քաղաքապետական կառատուն մը, ուր պիտի ամփոփուէին քաղաքապետարանի բոլոր ինքնաշարժները: Կառատունը պիտի ունենար իր վարպետ մեքենագէտները, ինչպէս նաեւ առանձին պենզինի կայարանը, ուրկէ պիտի մատակարարուէին քաղաքապետական բոլոր ինքնաշարժները:
Մտածուած էր նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նման թատերասրահի մը շինութեան մասին: Եթէ յարմարութիւններ ստեղծուէին, իրականութիւն պիտի դառնար նաեւ այս թատերասրահը, որ պիտի կրնար 500-600 հանդիսական պարփակել:
«Կը յուսանք, թէ այս ծրագիրներու իրագործումով, կ՛ըսէ Յ. Աշճեան, շրջանը ոչ միայն պիտի օժտուի հանրօգուտ հաստատութիւններով, այլ նաեւ այդպէսով սատարած պիտի ըլլանք բարոյական մակարդակի բարձրացման, որովհետեւ մարզավայր ու թատրոն այն երկու ազդակներն են, որոնք կոչուած են հիմնովին փոխելու շրջանի բնակչութեան դիմագիծը ու նաեւ հետաքրքրութիւնները»:
Ժողովրդային բնակարաններու շինութեան համար կը նախատեսուէր 4 միլիոն լ. ոսկիի ծախս մը: Այս բնակարանները կամ վարձու պիտի տրուէին եւ կամ պիտի ծախուէին մասնավճարներով, ամսականի դրութեամբ: Եթէ այս գումարին կէսը կառավարութեան կողմէ յատկացում ըլլար, կը մտածուէր մնացեալ երկու միլիոն լ. ոսկիով, կառուցանել բանուորական բնակարաններ, աւելի համեստ պայմաններու մէջ:
Քանի մը խօսք ալ քաղաքապետութեան պիւտճէի մասին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետական պիւտճէն 1950-ական տարիներուն եղած է 2.500.00 լ. ոսկի: 1963-ին այս գումարը բարձրացած է 3.500.000 շնորհիւ եկամուտներու յաւելման: Որոշուած էր, որ երբ ժողովրդային բնակարանները շինուին եւ օթոսթրատի երկու կողմերու հիւղաւանները քանդուին, անոնց տեղ պիտի շինուին գործարաններ եւ աշխատանոցներ, որովհետեւ այդ շրջանը ամբողջութեամբ ճարտարարուեստական գօտի է: Այդպէսով, պիտի աւելնային նաեւ քաղաքապետութեան եկամուտները, ինչ որ քաղաքապետական պիւտճէն կրնար բարձրացնել 5 միլիոն լ. ոսկիի, նոր իրագործումներու հնարաւորութիւնը ընծայելով:
Բացի այդ, արդէն իսկ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային, որպէսզի Պուրճ Համուտը աստիճանաբար օժտուէր ֆլիւօրեսան լոյսերով: Գործը յանձնուած էր մասնագէտի մը ուսումնասիրութեան:
Քաղաքապետութիւնը մտադիր էր նաեւ հիմնելու հանրային առողջապահութեան կեդրոն մը, որ դարմանատան եւ հիւանդանոցի մակարդակներուն միջեւ միջակ տարողութիւն պիտի ունենար, մասնագէտ բժիշկներով եւ բժշկագիտական ամէնէն արդիական գործիքներով եւ կազմածներով:
Մարզական աւան, ժողովրդային բնակարաններ, թատրոն, հանրային առողջապահութեան կեդրոն, քաղաքապետական նոր շէնք, արդիական լուսաւորում,- ահաւասիկ ծրագիրներ, որոնց իրագործումը նախատեսուած էր, որ նոր դիմագիծ պիտի տայ Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին:
Երիտասարդութիւնը, մասնաւորաբար մարզական միութիւնները մեծապէս պիտի օգտուէին կանոնաւոր խաղավայրի մը ընծայած հնարաւորութիւններէն` աւելի եւս զարկ տալով իրենց գործունէութեան: Իսկ ժողովրդային բնակարանները, իրենց արդիական կառուցուածքով եւ մաքրութեամբ, վերջնականապէս պատմութեան պիտի անցընէին Պուրճ Համուտի հիւղաւանները, որոնք Պէյրութի արեւելեան մուտքին վրայ, իրենց տխրատեսիլ շարքերով, խեղճութեան կերպարանքը կուտային մայրաքաղաքին:
***
Պուրճ Համուտի մարզաւանի հիմնարկէքի արարողութեան առիթով «Ազդակ» 11 ապրիլ 1964-ին, «Լաւագոյն նուէրը Պուրճ Համուտի հայութեան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
Շաբաթ, 11 ապրիլ, կը կատարուի հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը Պուրճ Համուտի Մարզաւանին:
Պուրճ Համուտի բնակչութեան, մասնաւորաբար երիտասարդութեան տարիներու երազը եղած էր ունենալ մարզադաշտ մը, ուր նորահաս սերունդի ֆիզիքական զարգացումը առաւելագոյն հնարաւորութիւնները պիտի ունենար իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնելու:
Պուրճ Համուտ, որ կարեւորութեան տեսակէտէն, այսօր կը ներկայացնէ Լիբանանի երկրորդ քաղաքապետութիւնը, իր հոծ բնակչութեամբ եւ կարելիութիւններով, շնորհիւ նոր մարզաւանին, պիտի կրնայ կազմել առողջ կառոյցը Լիբանանի մարզական շէնքին:
Առաւելաբար մարզաւաններու մէջ է որ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակուի, հետզհետէ կը հեռանայ յոռի ունակութիւններէ եւ, եղբայրական մթնոլորտի մէջ, կը զարգացնէ իր ընդունակութիւնները:
Մարզաւանի շինութեան ծրագիրը մաս կը կազմէ քաղաքաշինութեան ընդհանուր ծրագրի մը, որ պիտի իրագործուի` յօգուտ շրջանի բնակչութեան:
Գլխաւորաբար մեր ժողովուրդն է որ պիտի օգտուի այս շինարարական ձեռնարկներէն, նկատի ունենալով որ, Պուրճ Համուտի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը բաղկացած է հայերէ:
Նահրի կամուրջէն անդին տարածուող շրջանը, ուր հայութիւնը կեդրոնացած է իբրեւ համայնք, իր եկեղեցիներով, վարժարաններով եւ զանազան միութիւններով, կը հանդիսանայ Լիբանանի հայութեան սիրտը, որ կը բաբախէ ազգայնական առողջ զարկերով: Տարուէ տարի զգալի յառաջդիմութեան մէջ եղող Պուրճ Համուտը, այսօր դարձած է բարգաւաճ ոստան մը, ուր կարգն ու կանոնը հետզհետէ տիրապետող կը դառնան, քաղաքապետութեան ենթակայ սպասարկութիւններու աչալուրջ հսկողութեան ներքեւ:
Մարզաւանը իր ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի դաշտերով, զոյգ թրիպիւններով, հանդերձարաններով, աթլեթիք խաղերու յատուկ վազքուղիներով, պատիւ կը բերէ ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի, որ այսպէսով կ՛ունենայ իր երկրորդ մարզական կեդրոնը, Պիր Հասանի մարզաւանին հետ:
Կարելի պիտի ըլլայ տեղական եւ միջազգային կարեւոր մրցումներ կազմակերպել այս շրջանին մէջ, որ կը հայթայթէ մարզասէր հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:
Բացի այդ, քաղաքապետական այլ ծրագիրներ, որոնք իրագործման ճամբուն մէջ մտած են, ծաղկեալ ոստանի մը կը վերածեն Պուրճ Համուտը, մեծ ուրախութիւն պատճառելով մեր հայրենակիցներուն, որոնք տարիներով քրտինք թափած են երբեմնի այդ ճահճային հողերուն վրայ, ուր այսօր շքեղ եւ բազմայարկ շէնքեր կը բարձրանան, ճարտարարուեստական բազմաթիւ կեդրոններ հիմնուած են, վաճառաշահ քաղաքի մը վերածելով Անդր Նահրը:
Մարզաւանը եւ անոր յարակից միւս ծրագիրները` լաւագոյն նուէրն են անկասկած Պուրճ Համուտի հայութեան, որ գիտցաւ ոչինչէն գեղեցիկ քաղաք մը հիմնել, անգամ մը եւս արդարացնելով «անապատները ծաղկեցնող» հայու իր կոչումը:

