Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւն

yeghishe1_NOV2013Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը  21 նոյեմբերին տարբեր ձեռնարկներով  հանգամանօրէն նշեց Լիբանանի  անկախութեան 70-րդ ամեակը:

Նախակրթարանի ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի,  Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու  ունկնդրութեամբ, որմէ ետք, բացման խօսքը  կատարեց Զ. դասարանի աշակերտ Կալի  Աւագեան: Ան իր խօսքին ընդմէջէն  անդրադարձաւ Լիբանանի անկախութեան  կերտման զանազան հանգրուաններուն ու  շեշտեց ժողովուրդներու ազատ ապրելու եւ  անկախ հայրենիք ունենալու իրաւունքը: Ապա  նախակրթարանի զանազան կարգի  աշակերտներէ բաղկացած խմբակ մը  ներկայացուց Լիբանանի անկախութեան  նուիրուած թատրոն մը, որ հայր ու զաւակներու  միջեւ կայացած  խօսակցութեան ընդմէջէն,  հաճելի ու հասկնալի ոճով, աշակերտներուն կը  բացատրէր անկախ ու ազատ ըլլալու իմաստը ու թշնամիին դէմ պայքարելու եւ հայրենիքը  անկախութիւնը պահպանելու խորհուրդը:

yeghishe-(2)_NOV2013Թատրոնէն  ետք, Զ. դասարանի պարախումբը  ներկայացուց լիբանանեան շուրջպար մը: Առաջին, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու  աշակերտները յաջորդաբար ասմունքեցին  անկախութեան նուիրուած ոտանաւորներ: Երրորդ դասարանի աշակերտները  հարուածային գործիքներով ներկայացուցին  «Թսլամ եա ասքար Լուպնեն» երաժշտական  կտորը, ապա արտասանեցին «Ուաթան»  ոտանաւորը, իսկ երրորդ դասարանը  հարուածային գործիքներով ներկայացուց   «Ռեժիի եըթաամմար Լուպնեն» եւ «Եա  մընմութ  քըլնա» կտորները  եւ արտասանեց   «Ուաթանի» ոտանաւորը:

Զ. դասարանի աշակերտուհիները երգեցին  «Թլաանա ալա տաու» երգը եւ ձեռնարկը  փակուեցաւ «Ռեժիի եըթաամմար Լուպնեն»  խմբերգով: Նշենք, թէ հինգշաբթի առաւօտ,  քոլեճի Դ., Ե. եւ  Զ. կարգերու  աշակերտները,  իրենց դասատուներուն ընկերակցութեամբ  այցելեցին Նահր Քելպի յուշակոթողը եւ  ստացան անկախութեան  մասին անհրաժեշտ  տեղեկութիւններ:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի ձեռնարկը ամբողջութեամբ ստանձնած  էր քոլեճի 10-րդ  դասարանը: Երեք քայլերգներու ունկնդրութենէ  ետք, բացման խօսքը կատարեց Սագօ  Գեմպելեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ  անկախութեան պատմական հոլովոյթին ու  իր  խօսքը եզրափակեց` շեշտելով, որ  անկախութիւնը չի տրուիր ժողովուրդներու, այլ  կ՛առնուի զոհաբերութեամբ ու պայքարով:

Աւետիս Կիտանեան

Աւետիս Կիտանեան

Բացման խօսքէն ետք  Միրէյ Պոյաճեան երգեց  Քարոլ Սմեհայի «Ֆի սապահ էլ էլֆ էթթելիթ»  երգը, իսկ Սիլվի Սէրայտարեան նուագեց  Պախէն երաժշտական կտոր մը: Բեմ  բարձրացան խումբ մը աշակերտներ եւ  անկախութեան պատմականը կարդացին  վաւերագրական ժապաւէնի մը ընկերակցութեամբ: Ապա Նայիրի  Տարագճեան,  Թալին Պետիկեան եւ Բալիկ Տաղլեան  երգեցին  «Թլաանա ալա տաու» երգը:

Ճորճ  Գարակէօզեան եւ  Սարին Տիշոյեան  ասմունքեցին Էլիա Ապու Մատիէն` «Լուպնեն»  բանաստեղծութիւնը, Մարիա  Քէօշկէրեան  դաշնակի վրայ  նուագեց Շոփենէն դասական  կտոր մը, եւ խումբ մը  աշակերտներ ներկայացուցին լիբանանեան շուրջպար  մը:

Օրուան բանախօսն էր «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան: Ան անդրադարձաւ  անկախութեան` որպէս  արժէքի մը, զոր պէտք  է  պահպանել: Ա. Կիտանեան դիտել տուաւ, թէ  լիբանանեան հայրենիքը կը գտնուի դժուար  հանգրուանի մը մէջ ու իր զաւակներուն  միացեալ ճիգերով միայն կարելի է  յաղթահարել այս հանգրուանը: Դասախօսը իր  խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ ազատութիւնը  կորսնցնողը միայն կը գիտակցի անոր արժէքին,  եւ աշակերտներուն թելադրեց, որպէս տիպար  քաղաքացիներ, տէր կանգնիլ զոյգ  հայրենիքներու` Լիբանանի ու Հայաստանի  անկախութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES