Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլէճին Մէջ

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2013-ին Այնճարի «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտները հաւաքուեցան «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ` տօնելու համար Լիբանանի անկախութեան 70-րդ տարեդարձը:
Նախակրթարանին երգչախումբը Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարեց տօնակատարութեան :
Աշակերտութեան անունով խօսք արտասանեց 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Արաքս Խօշեան, որ անդրադառնալով Լիբանանի անկախացման բարդ պայմաններուն ու անոր յաջորդող 70 տարիներու վերիվայրումներուն` հաստատեց, որ անկախութեան ուղին միշտ կը պահանջէ ունենալ հայրենասէր եւ գիտակից քաղաքացիներ,որոնք պէտք է միաւորուին անկախութեան գաղափարին շուրջ եւ յանձնառու ըլլան այդ գաղափարէն սերած արժէքներուն:
Ապա նախակրթարանին երգչախումբը ներկայացուց Լիբանանի նուիրուած հայրենասիրական երկու երգեր` միախառնուած: Այնուհետեւ նախակրթարանի իւրաքանչիւր դասարան լիբանանեան հայրենիքն ու անկախութիւնը փառաբանող արտասանութիւններով ելոյթ ունեցաւ:
11-րդ դասարանէն Լէա Մաալուֆի ասմունքը ոգեւորեց ներկաները իր փոխանցած ապրումներով , որմէ ետք նախակրթարանին պարախումբը գրաւեց բեմն ու ներկաներուն ուշադրութիւնը` արաբական տօնական պարով մը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի « Եթէ Լիբանանը հայրենիքս չըլլար, կ՛ընտրէի զայն իբրեւ հայրենիք» խօսքին մէջբերումով վեր առաւ լիբանանեան հայրենիքին համամարդկային եւ քաղաքակրթական արժէքները, ինչպէս նաեւ` սահմանադրութեամբ քաղաքացիներուն շնորհուած առաւելութիւնները:
Ան հայ համայնքը լիբանանեան համակեցութեան առանցքներէն մէկը նկատեց` մեկնելով հայ համայնքի հիմնարար դերակատարութենէն եւ սահմանադրութեամբ գլխաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալու իրողութենէն: Ան խրախուսեց աշակերտները` ապրելու եւ գործելու իբրեւ լիարժէք քաղաքացիներ, պատուիրելով անոնց լիովին ընկալելու սահմանադրութեամբ իրենց վերապահուած իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները քաղաքացիական կրթութեան դասաւանդութեանց ընդմէջէն:
Լիբանանի սահմանադրութեան հայ համայնքին ընձեռած առանձնայատկութիւնները պահպանելու համար քաղաքապետը անհրաժեշտ նկատեց հայ համայնքի կարողականութիւնը ուժեղացնելու քայլերը, մասնաւորաբար` լիբանանաեան վարչական թէ տնտեսական համակարգին մէջ դիրքերու նուաճումով:
Ան նաեւ կոչ ուղղեց, որ` «իբրեւ հայ համայնքի պատկանող լիբանանցիներ, գուրգուրալու եւ պաշտպանելու այն պետութիւնը, որ մեզ ընդունած է իբրեւ իր էութեան բաղկացուցիչ մէկ տարրը եւ մեզի շնորհած է ազատութիւն` գոյատեւելու մեր մշակոյթով, կրօնով ու յատկապէս մեր լեզուով»:
Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետը մաղթեց , որ անկախութեան 70-ամեակը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նոր մեկնակէտ մը հանդիսանայ:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ երկրորդականի պարախումբին խրոխտ ու գեղեցիկ ելոյթով, որ իր բեմականացումով խորհրդանշեց Լիբանանի վերընձիւղումը` իբրեւ խաղաղութեան եւ իրաւատիրութեան հայրենիք:

