ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Արցախ Ֆոնտի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնել` իւրաքանչիւր երրորդ եւ աւելի նորածին ունեցող ընտանիքներուն տրամադրելով կաթնտու կով մը, հինգերորդ տարին ըլլալով կը շարունակէ գործել:
Նախորդ չորս տարիներուն լիբանանահայութեան միացեալ ճիգերով կարելի եղաւ Արցախի շուրջ 400 ընտանիքներու նորածիններուն կով մը տրամադրել` նպաստելով այդ ընտանիքներուն տնտեսական ինքնաբաւութեան:
Այսօր ուրախ ենք յայտարարելու, որ բազմածնութիւնը քաջալերելու արշաւը դրական արձագանգ գտած է Արցախի մէջ եւ նախորդ ամիսներուն ընթացքին ստացուած բազմաթիւ նոր դիմումները մեզ կը ստիպեն կրկնապատկելու մեր ճիգերը` մինչեւ աշուն ամբողջացնելու համար մեր պարտաւորութիւնները:
Այս առիթով կը հրապարակենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային ապահովութեան նախարարութեան` լիբանանահայութեան ուղղուած շնորհակալագիրը եւ կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը բերելու Արցախի վերաբնակեցման հայրենանուէր գործին:
Նուիրատուութիւնները փոխանցել կապուելով «Ազդակ»ի խմբագրատուն` 01-260115, 01- 258526 թիւերուն կամ 03-340573, 03-643819 թիւերուն:
ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ

