Ի՞նչ Է Դաշնակցութիւնը
ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
11 տարեկան տղաս հարց կու տայ ինծի.
– Մա՛մ, Դաշնակցութիւնը ի՞նչ է:
– 123 տարուան կուսակցութիւն է,- կը պատասխանեմ, բայց կը զգամ, որ գոհացուցիչ պատասխան չէ, որովհետեւ այլ հարցում մը պիտի յաջորդէ անոր:
– Իսկ ի՞նչ է կուսակցութիւնը…
Չեմ գիտեր` ուրկէ՛ սկսիլ. իր ծնունդէ՞ն, իր հիմնադրութենէ՞ն: Երեք անձնուրացներ` Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան, որոնք հիմը դրին, ծրագիրն ու կանոնագիրը մշակեցին այս կուսակցութեան, ուր կ՛արտացոլան իրենց գաղափարները, հայրենասիրութիւնը, անսակարկ նուիրուածութիւնը եւ զոհողութիւն: Անոնք կերտեցին ամբողջ պատմութիւն մը ու դարձան հայ ազատագրական շարժման ռահվիրաները: 600 տարուան ստրկութենէ ետք Դաշնակցութիւնն էր, որ ստեղծեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, ենթարկուեցաւ հալածանքներու, երբեմն քարկոծուեցաւ ու պախարակուեցաւ, նոյնիսկ աքսորուեցաւ իր իսկ ստեղծած հայրենի հողերէն, բայց շարունակեց գոյատեւել ու վերապրիլ: Իսկ եթէ մենք այսօր ունինք անկախ հանրապետութիւն, զայն կը պարտինք առաջին կերտողներուն , որովհետեւ ասիկա արդէն առաջինին շարունակութիւնն է: Հայրենի հողերէն հեռու Դաշնակցութիւնն էր, որ աչքի լոյսի պէս պահեց եռագոյնը, անվախ ծածանեցուց զայն օտար ազգերու դիմաց, գուրգուրաց ու փայփայեց իր ընդունած զինանշանն ու քայլերգը, հակառակ անոր որ շատեր մերժելով մերժեցին …
Դաշնակցութիւնը, տղա՛ս, դպրոց է, որ տուած է ֆետայիներ, Սասունցի Դաւիթի նման դիւցազուններ, որոնք ունեցած են ինքնուրոյնութիւն եւ կրցած են տեղին ո՛չ ըսել Մսրայ մելիքներուն: Ունեցած ենք եւ ունինք հազարաւոր նուիրուած ֆետայիներ, որոնք Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ամէն մէկ քարին համար պատրաստ են նահատակուելու: Մենք դեռ ժամանակ ունինք, պիտի կարդանք իւրաքանչիւրին հերոսութիւններն ու ծառայութիւնները, եւ դուն ի՛նքդ պիտի յայտնաբերես դաշնակցականի ինքնուրոյնութիւնն ու իւրայատկութիւնը, պիտի ապրի՛ս իւրաքանչիւրին հոգեվիճակը եւ նոյն մտածելակերպը որդեգրելով երեւան պիտի հանես դաշնակցութեան մեծութիւնը… միայն յաւելուող տարիներու թիւը չէ Դաշնակցութիւնը մեծցնողը, այլ` ի սկզբանէ իր անկոտրում պայքարը, «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» կերտելու յամառ երազանքը, սերունդներ դաստիարակելու իր հմտութիւնը, ընդհանուրը անձնականէն աւելի վեր դասելու դաջուածքը, անսակարկ նուիրումով ու ոչ եսակեդրոն աշխատելաձեւը, ընկերվար, ժողովրդավար ու ապակեդրոն գաղափարաոճը, եւ աւելին ու աւելին…
Դաշնակցական ծնիլը դեռ քիչ է, տղա՛ս. պէ՛տք է ունենաս դաշնակցականի վայել ապրելաձեւ ու կերտուածք… ճիշդ ատոր համար պիտի յաճախես այդ դարբնոցը եւ աւարտես զայն` որպէս արժանի մարդ, կարենալ իրագործելու եւ տարածելու դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը:

