Առաջատար Կուսակցութիւնը
ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ
Ժողովուրդներ սահմանուած են ազատ ապրելու` որպէս հաւաքական մէկ ամբողջութիւնը ծնունդով ազատ մարդկային այն տիպարներուն, որոնք միասնաբար մէկ հողի վրայ ու տարածքի, որ կը կոչուի հայրենիք, պիտի ծաւալեն մարդավայել կեանք մը, արժանապատիւ պայմաններու մէջ, ազատ, ինքնուրոյն, ինքնիշխան եւ ինքնակերտ ապագայի մը տեսլականով: Սակայն անոնց պատմութիւնը վկայ, ամէն ժամանակներու ընթացքին եւ ամէնուրեք կարիքներն ու կենսական պայմանները, ճնշումներն ու կեղեքումները, շահագործումներն ու օգտագործումները, անարգանքներն ու անտեսումները մղած են ժողովուրդները կազմակերպուելու, ուժերն ու կարողութիւնները մէկտեղելու` պահպանելու համար ապրելու իրենց մարդկային ամենապարզ պահանջները, եւ պաշտպանելու իրենց մարդկայնօրէն գոյատեւելու իրաւունքները: Իւրաքանչիւր երկիր, գծուած իր սահմաններովը, իր ժողովուրդը կը դարձնէ հարեւան, անմիջական շրջակայքը գտնուող երկիրներու ժողովուրդներուն հետ, եւ գործակցող մնացեալ բոլոր երկիրներու ժողովուրդներուն հետ: Սակայն մարդկութեան պատմութեան մէջ միշտ ալ պատահած է հակառակը. շատ են արձանագրութիւնները մարդուն կատարած կեղեքումներուն մասին` մարդուն դէմ, մարդուն կատարած սպանութիւններուն եւ անարդարութիւններուն մասին` իր նմանին դէմ, մարդուն կատարած անմարդկայնութիւններուն մասին` Աստծոյ ստեղծածին դէմ:
Օսմանեան կայսրութեան ծանր տիրապետութեան տակ, վեց հարիւր տարուան գերութիւնը մեզմէ խլած էր գրեթէ ամէն յատկանիշ եւ չափանիշ, որ կենսական է իւրաքանչիւր երկրի ժողովուրդի համար: Առանց ինքնիշխան պետութեան անկախ հայրենիքի գաղափարին` արդէն իսկ մենք սկսած էինք կորսնցնել նաեւ մեր համրանքը որպէս հայ ժողովուրդ: Որպէս ազգ գոյատեւելու բոլոր տուեալները խլուած էին մեզմէ` մայրենի լեզու, կրօն, հաւաքական կեանք, կամք եւ նախաձեռնող ոգի: Չունէինք ընդհանուր մէկութեան հոգեմտաւոր արտայայտութիւնը եղող մեր հանրութեան սեփական ապրումները: Այլ խօսքով, ծանր լուծի տակ, կեանքը քարշ տուող, մարդկայնացած ուրուականներու վերածուած էինք:
Արդարեւ, ամէնուրեք կային հայ խմբաւորումներ եւ անհատներ, սակայն չկար կազմակերպութիւն` զանոնք մէկտեղող, կար ամէնուրեք տառապանք, տանջանք եւ սպանութիւն, սակայն անոր դէմ չկար ընդվզումի հաւաքական կամք եւ պայքարի նախաձեռնութիւն: Այլ խօսքով, չունէինք նախաձեռնութեան հաւաքական ոգին եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը տեղաշարժելու անհրաժեշտ կամքը` ընդդէմ բոլոր դժոխային պայմաններուն, որոնք դարերով պարտադրուած էին մեր վրայ բռնակալին կողմէ:
Սակայն 18-րդ դարուն արձանագրուած զարթօնքի ալիքը իր բարերար միջամտութիւնը ունեցաւ հայ անհատի գաղափարականին, մտածողութեան եւ հոգեկանին վրայ` իւրաքանչիւրին մէջ խմորելով ազատութեան իմաստը, արթնցնելով իրենց ներաշխարհին խորերէն եկող ինքնապաշտպանութեան, արդարացի իրաւունքի հասկացողութիւնը, որ կ՛ապահովէ իրենց սեփական աստուածատուր իրաւունքները` ղեկավարելու համար ինքնիշխան իրենց ազատ կեանքը:
Արդարեւ, 18-րդ դարու վերջաւորութեան հայ անհատներու եւ առաւելագոյնը խմբաւորումներու յեղափոխականացումը ամէնուրեք ամուր հող պատրաստած էր կառուցելու այն հաստատուն պատուանդանը, որուն վրայ պիտի բարձրանար սպասուած այն կազմակերպութիւնը, որ պիտի առաջնորդէր հայ ժողովուրդը դէպի կազմակերպուածութիւն, հայրենակերտում, պետականութեան ստեղծում, կրօնի պաշտպանութիւն, ինքնուրոյն մշակոյթի պահպանում: Այլ խօսքով, հայը իր այլակերպուած ու ինքնութենէն պարպուած տիպարէն, առաջնորդելու դէպի ինքնակամ, ինքնիշխան եւ ազատ հայաբոյր տիպարին:
Կատարուեցաւ անհրաժեշտը: Հայ ժողովուրդի յեղափոխականացած զաւակները դաշնակցեցան միասին, եւ շնորհիւ հիմնադիր երրորդութեան ու իրենց անմիջական գաղափարակից անձնուէրներուն, սահմանուեցան նոր կազմակերպութեան ծրագիրն ու կանոնները, որուն ընդմէջէն այնուհետեւ հայ ժողովուրդը ազատութիւն պիտի շնչէր, պիտի զգար հայու գաղափարախօսութեան տաքութիւնը` որպէս արեւ, եւ պիտի ապրէր զօրութիւնը սեփական իրաւունքներու ամրակերտման, որպէս ժայռակուր հողը հայկական: Ծնած էր «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը»:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ իր ժողովուրդէն, ապրեցաւ ու կ՛ապրի անով եւ գործեց ու տակաւին կը գործէ անսակարկ` անոր բարօրութեան, ամրապնդման եւ բարգաւաճման ի խնդիր: ՀՅԴ-ն եղաւ աւելի քան կուսակցութիւն մը, իր ուժը առաւ հայ ժողովուրդի համակիր զաւակներուն հոծ բազմութենէն, որ սկիզբէն անսակարկ վստահութիւն տածելով` իր փրկութեան յոյսը կապեց անոր: Կուսակցական երդուեալները իրողական գետնի վրայ միշտ եղան պարզապէս յառաջապահ թարգմանները ժողովուրդին իտէալներուն եւ տեսլականներուն: ՀՅԴ-ն սովորական կուսակցութիւն մը չէ, ան կեա՛նք է, հայու յատուկ ապրելաձե՛ւ է եւ ո՛ճ:
ՀՅԴ-ն տակաւին իր երիտասարդ տարիքին եղաւ հրաշակերտ այն կուսակցութիւնը, որ երկար դարերու մաշեցնող ազդեցութենէն դուրս նետուած, մարդկութենէն եւ ինքնութենէն պարպուած խլեակներու` հայ ժողովուրդի մնացորդացին, որ ծառայած էր արիւնարբու թշնամիին պարտադրած տանջանքներուն եւ տառապանքներուն դէմ, կարողացաւ կազմակերպել եւ առաջնորդել դէպի յաղթական ճակատամարտեր, դէպի Հայաստանի ազատ եւ անկախ առաջին հանրապետութեան կերտում, որ վեց հարիւր տարուան երազ էր` հրաշքի համազօր, սակայն այսօր իրականութիւն է` կեանքի վերածուած, սեփական հողի վրայ: Այսպէս, անցեալի հպատակը դարձաւ այսօրուան յաղթանակ կերտող յեղափոխականը, անցեալի գեղջուկը վերածուեցաւ այսօրուան պետականութիւն` իր բոլոր ստորոգելիներով կերտող ղեկավարին:
20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան որպէս հետեւեանք` սփիւռքացած հայութիւնը կարիքը ունէր իր վրայէն թօթափելու մարդկութեան դէմ գործուած անմարդկայնութեան հետեւանքները, որմէ ետք պէտք էր, որ անցնէր ինքնակազմակերպման կենսական աշխատանքին, եթէ երբեք պիտի պահպանէր նախ իր գոյութիւնը եւ ապա հետապնդէր Հայկական հարցը, որ երբեք լուծում չէր գտած անցեալին: Հազիւ յիսուն տարի անց Ցեղասպանութենէն, աշխարհը անակնկալի առջեւ պիտի գտնէր ինքզինք, երբ ողջ հայութիւնը աշխարհով մէկ ոտքի պիտի կանգնէր իր պահանջատէրի կեցուածքով: Այո՛, գաղթական սփիւռքահայը կազմակերպուած էր այնպէս, որ այլեւս դարձած էր անզիջող պահանջատէր` շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր առաջնորդութեամբ ստեղծուած սփիւռքահայ ապրելաձեւին եւ մթնոլորտին, որ պահեց հայը որպէս իրաւատէրը առաջին հանրապետութեան դրօշին, զինանշանին եւ քայլերգին, ինչպէս նաեւ` անփոխարինելի իտէալներուն եւ տեսլականներուն: ՀՅԴ-ն եղաւ սփիւռքահայութեան մօտիկ եւ անմիջական կուսակցութիւնը:
ՀՅԴ-ն, որ իրողական հողի վրայ կերտեց ազատ եւ անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, կարողացաւ սփիւռքահայութեան իւրաքանչիւրին սրտին ու հոգիին մէջ ստեղծել ոգեղէն մեր հայրենիքը, որ ծնած վայրկեանէն ան անկախ է եւ ազատ, աշխարհի վրայ որեւէ ուժ չի կրնար զայն կաշկանդել կամ գերել: Այստեղ կը կայանայ մեր կուսակցութեան խորհրդաւոր ուժը` հմայքին եւ յարատեւութեան, շնորհիւ անոր գաղափարախօսութեան, հայութիւնը քիչ մը աւելի կը հայանայ օրէ օր, եւ քիչ մը աւելի կը դաշնակցականանայ մէկ փորձառութենէն միւսը: ՀՅԴ-ն ամէնօրեայ ապրում է: ՀԵտեւաբար կարելի չէ քանդել ոգեղէն հայրենիքները մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջէն, որոնք պիտի հանդիսանան կերտողը հայատրոփ մեր տեսլականին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
123-ամեայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, հարուստ իր բազմամեայ փորձառութեամբ, զօրաւոր իր երիտասարդ կամքով եւ գործելաոճով, կրցաւ սփիւռքեան քարքարոտ ճամբուն վրայ ծաւալել իւրայատուկ եւ ինքնուրոյն մշակոյթ` իր բոլոր բնագաւառներով, եւ պահպանել հայկական հարազատ դիմագիծ: Միեւնոյն ժամանակ միջազգայնացուց Հայ դատը` բարձրացնելով զայն աշխարհի քաղաքական, իրաւական, դատական եւ մարդկային իրաւանց բարձրագոյն բեմերուն վրայ: Այսօր բազմաթիւ պետութիւններ ընդունած են Հայ դատը (Ցեղասպանութիւնը), եւ ուրիշներ անցուցած են զայն օրէնքի կարգի: Տակաւին, ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ պահանջատէրի իր երթը, մանաւանդ` համաշխարհայնացման եւ նորագոյն արհեստագիտութեան դարուն, վերանորոգ եւ համապատասխան մօտեցումով պիտի անցնի դէպի առջեւ` խօսելով եւ պահանջելով մեր հողային եւ նիւթական բոլոր կորուստները, ընդառաջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Վերջապէս, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առաջատար կուսակցութիւնն է ընդհանուր հայութեան, հարազատ մեր տեսլականներու եւ իտէալներու իրականացման, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:

