Դաշնակցութեան Հմայքը Այնճարի Մէջ

ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

arfflag1Դաշնակցութեան հմայքը, յատկապէս Այնճարի մէջ, իւրայատուկ է. եթէ այդ մէկը մուսա լեռնցին ամէն օր կը զգայ իր մորթին վրայ` արդար հպարտութեամբ, ապա գիւղ այցելող իւրաքանչիւր հայորդի կամ զբօսաշրջիկ մեծ հիացմունքով ու թաքուն նախանձով ականատես կը դառնայ դաշնակցականօրէն կառուցուած գիւղին համայնապատկերին:

Փաստօրէն Մուսա լերան 40 օրերու սխրագործութենէն ետք մուսալեռցիները` առաջնորդութեամբ դաշնակցութեան, իրենց երկրորդ հերոսամարտը մղեցին Այնճարի մէջ ու այդ անբնակելի, վատառողջ ճախճախուտը, որ բազմահարիւր զոհեր խլեց մեր ժողովուրդէն, վերածեցին այսօրուան գեղատեսիլ ու կանաչապատ Այնճարին: Հրաշքի համազօր նախաձեռնութիւն մը, որ փաստեց, թէ ինչպէ՛ս կարճ ժամանակի ընթացքին կարելի է չոր անապատը վերածել «դրախտավայր Հայաստանի»:

Այսօր կարելի չէ խօսիլ Այնճարի մէջ գործող կառոյցներու կազմակերպուածութեան մասին առանց անդրադառնալու Դաշնակցութեան կատարած գործին եւ ունեցած ազդեցութեան:

Այնճարը ծնաւ ու ապրեցաւ Դաշնակցութեան շունչով, զարգացաւ ու փայլեցաւ դաշնակցութեան սկզբունքներով ու գաղափարաբանութեամբ եւ պիտի բարգաւաճի նո՛յն ոգիով ու կամքով:

Քանի-քանի դէպքեր կարելի է յիշել, ուր ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, այսինքն` Այնճարի մէջ գործող դաշնակցութեան գերագոյն մարմինի խօսքը եղած է վճռորոշ, երբ հայրենակիցներ կամ տեղացիներ որեւէ խնդրայարոյց հարցով դիմած են անոր:

Այնճարի մէջ Դաշնակցութեան հմայքը պատկերացնելու համար կարելի է յիշել հետեւեալ դէպքը, 80-ական թուականներուն լիբանանեան պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, երբ հրէական պատերազմական օդանաւերը կը դառնային Այնճարի երկնակամարին վերեւ, պառաւ կինը հարց կու տար, թէ ո՞ւր է դաշնակցութեան կոմիտէն. ինչո՞ւ այս սանձարձակութեան առաջքը չ՛առնէր…

Այ՛ո, մեր ժողովուրդը համոզուած է, որ իր ապաւէնը դաշնակցական կոմիտէն է, պատերազմի թէ խաղաղութեան ժամանակ, այլապէս կարելի չէր ըմբռնել ծեր կնոջ հոգեբանութիւնը:

Մենք` մուսա լեռցիներս, հաւանաբար Դաշնակցութեամբ հպարտանալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք, բայց վստահ գլխաւորը այն ոգին է, որ մեզի փոխանցուած է դաշնակցական ֆետայիներու կողմէ: Ազատատենչ այն ոգին, որ օր մը հայոց պատմութեան ամէնէն ողբերգական թուականներուն Մովսէս Տէր Գալուստեաններու Առաջնորդութեամբ մեր ժողովուրդը մղեց դէպի սրբազան լեռ ու պատմական փառահեղ դրուագ մը կերտեց:

Աւելի ուշ դաշնակցական նահատակ ընկերներով` Սարգիս Զէյթլեանով, Զաւէն Թաշճեանով ու Պետիկ Ինճէեանով այդ ոգին մարմնաւորուեցաւ` իբրեւ  գաղափարապաշտ նուիրեալներու ու տիպար դաշնակցականներու մուսա լեռցին հպարտ է իր նահատակներով, հպարտ` դաշնակցութեամբ, ու այդ հպարտութիւնը արդար է: Եթէ երբեք այսօր Այնճարի մէջ ժողովուրդի ազգային դիմագիծը անաղարտ կը պահպանուի, եթէ երբեք տակաւին հոն կ՛ապրին մեր աւանդութիւններն ու բարբառը, եթէ երբեք Այնճարը քաղաքական խառնակ կացութիւններու ընթացքին մնացած է ու կը մնայ ապահով անկիւն իւրաքանչիւր հայորդիի համար, որովհետեւ պատնէշի վրայ անքուն հսկող դաշնակցականներ ունինք…

Բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ դրուագներ կան կապուած ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին եւ նորակառոյց «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան: Դաշնակցութեան հմայքը տարածուած է նոյնիսկ գիւղին սահմաններէն անդին` տեղացիներուն մօտ: Շատ մը դրացի գիւղացիներ իսկապէս նախանձով կը խօսին դաշնակցութեան մասին: Անոնք գիւղի ապահովութիւնը, կարգ ու կանոնը, մաքրութիւնը եւ այլն կը վերագրեն մեր կուսակցութեան: Յատկանշական ու աչքի զարնող երեւոյթ է, որ նոյնիսկ  լիբանանեան պետական ապահովական մարմիններ կը վստահին Դաշնակցութեան ու կը գործակցին անոր հետ` գիւղի եւ գիւղացիներուն առնչուող զանազան հարցերու պարագային:

Ժամանակին, երբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութեանց ընդհանուր վարիչ մարմինը կը թելադրէր, որ 5-6 տարեկան փոքրիկները (տարիքի պատճառով), չընդունուէին կրտսերներու ժողովին, գիւղին մէջ կան փաղանգ մը մանուկներու, որոնք ժողովի չընդունուելու պարագային կը խանգարէին այդ ժողովները` իրենց չարաճճի զանազան հնարքներով… Այսօր դաշնակցական այդ սերունդն է, որ կը ղեկավարէ մեր գիւղը…

Փաստօրէն, այսօր Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ոգին, անոր կազմակերպութեան ուժը, գործունէութեան եղանակը, մէկ խօսքով դաշնակցութեան ամբողջ հմայքը Այնճարի մէջ ժողովուրդը կը ժառանգէ բնականաբար ու այնպէս, ինչպէս Դաշնակցականը նախանձախնդիր է մեր հոգեւոր, կրթական, բարեսիրական, մարզական հաստատութեանց բնական գործունէութեան, նոյնպէս ալ մեր ժողովուրդը պահապան ու պաշտպան բանակն է դաշնակցութեան:

Մուսա Լերան քառասուն օրերու հերոսական պայքարը ուսուցանելի բազմատեսակ դասեր կը պարփակէ իր մէջ, հոն մենք կը տեսնենք հաւաքական աշխատանք, միասնական կեցուածք, աննկուն կամք, քաջասրտութիւն, անարդարութեան դէմ ու անկախութեան համար աննահանջ պայքար եւ մանաւանդ` անխախտ հաւատք…

Մուսա լեռցիներու այդ հրաշապատումը դաշնակցութեան յաղթանակն է թուրքին դէմ:

Այնճարի հիմնադրութեան ու հետագայ 73 տարիներու պատմութիւնը եւս խօսուն վկան է մուսա լեռցիին ու դաշնակցութեան յարատեւ պայքարին ու խիզախ կամքին, այս գիւղը շինուած ու բարգաւաճած է անապատին վրայ, ուր անկարելին վերածուած է կարելիի: Հոս եւս զգալի է հաւաքական ճիգն ու  միահամուռ կեցուածքը եւ գիւղի կառուցուածքի իմաստով, եւ ազգային դիմագծի պահպանման տեսակէտէ:

Այսօր, երբ մեր հայրենիքը անկախութեան աւելի քան քսան տարիներու պատմութիւն ունի, դաշնակցականօրէն կառուցուած Այնճար հայաւանի կրկնօրինակները` զետեղուած հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր մարզին մէջ, կրնան փոխել ամբողջ հայաշխարհի դիմագիծը…

Իսկապէս ալ այս կարծիքը հաստատած են հայրենիքէն Այնճար ժամանած բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ անոնք ըլլան դաշնակցական կամ ոչ, երբ հիացմունքով ականատես դարձած են դաշնակցական Այնճարի կառուցուածքին:

Ու եթէ օր մը դաշնակցութիւնը ծրագրէ եւ իրագործէ այս տեսակէտը Հայաստանի  մէջ ատիկա պիտի ըլլայ դաշնակցութեան լաւագոյն նուէրը հայ ժողովուրդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES