Երիտասարդական Ոսպնեակ. Վերադարձնենք Աւանդակերտի Մե՛ր Իրաւունքը (ՀՅԴ 123-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

zinaԱռհասարակ դիպուկ է հարցադրել, թէ արդեօք իրաւազրկեալ ըլլալու վիճակ գոյութիւն ունի՞,  կամ ո՞վ է խլեր մեզմէ վերապրումի,  ազգային ծառայութեան, նուիրումի եւ աւանդակերտ կեանքի իւրովի այն ըմբռնումը, որով յաճախ մենք մեզ ենք խրախուսեր եւ անով հպարտօրէն ապրեր աւելի քան հարիւր քսան տարի անընդմիջաբար:

Անկեղծ ասած խօսքը կը վերաբերի դաշնակցական իրականութեան, անցեալին, ներկային ու յատկապէս ապագայի մտասեւեռումներու, որոնց նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել խոհուն եւ լուրջ մօտեցում` յանուն դաշնակցական մտքի ու գաղափարական աշխարհահայեացքի առաւել պայծառացման եւ ճառագայթումին:

Փաստօրէն, դաշնակցական պատմագրութեան մէն մի դրուագ, դիպաշար թէ քաղաքական հայեցակարգ, եթէ երբեք լիարժէքօրէն ուզենք քննարկել, ակօսել, վերլուծել եւ մեր շրջապատին սեփականութիւնը դարձնել, այլապէս անխուսափելի պարտաւորութեան զգացում մը մեզ կը համակէ` շեշտը դնելու փոխադարձ ընկալումի, իրերհասկացողութեան եւ անկողմնակալ դիտարկումի:

Յայտնենք, որ տեսութիւններու որոգայթէն հեռու մնալու համար, մեր կարգին, հարկ է, որ ընդգծենք իրապաշտ ըլլալու հրամայականը, եւ ատով իսկ պարուրենք մեր մտքի պաստառն ու հոգեկան անդաստանը, որպէսզի ներկայ դարու համահունչ մտածողութեամբ առաջնորդենք ու  առաջնորդուինք` դաշնակցական վեհափառ արժէքներու եւ անխառն աւանդոյթներու հետեւողութեամբ:

Այո՛, գաղափարայնութեամբ եւ սկզբունքայնութեամբ:

Յաճախ ենք խօսեր, որ ՀՅԴաշնակցութեան ծնունդէն մինչեւ յաջորդող երեք տասնամեակները արդէն կ՛ամրապնդուէր այն հուժկու եւ ողջ իրականութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած իր կերպով եւ հասկացողութեամբ, ազգային թէ գաղափարական նուիրումի իր տեսակով, ազգակերտ զոհաբերութիւններու իբրեւ աննման օրինակ, հայրենասիրական տոգորումներու եւ հայրենիք կերտելու տեսլականին ընդառաջ, այլապէս քաղաքական աշխատանքի թէ ժողովրդանուէրի իր ուրոյն պարունակի հասանելիութեամբ, այս կուսակցութիւնը իրաւունքը վաստկեց նուաճելու` առաջին հերթին հայութեան սէրն ու խանդաղատանքը, ապա` միջազգային հեղինակութիւններու խոր յարգանքը:

Իրապէս ալ, իրերայաջորդ սերունդներ, թրծուելէ ետք հիմնադիր Երրորդութեան դաշնակցականակերտ քուրայի ունեցած մեծղի եւ ուժեղ ազդեցութեամբ, իրենց կարգին փարեցան այն իրականութեան եւ գաղափարական աշխարհին, որոնք կոչուած էին անանձնական եւ անմնացորդ նուիրաբերելու իրենց թանկագին կեանքերն անգամ` յանուն ազգային ազատագրական պայքարի ջրդեղումին, ազատ ու անկախ հայրենիք մը կերտելու երազանքին:

Արդ, կարելի՞ է սեղմ տողերու մէջ անուն առ անուն նշել, եւ կամ լոյսին բերել բազմահազար հայդուկներու եւ ֆետայիներու, գործիչներու թէ յեղափոխական քարոզիչներու, հրապարակախօսներու թէ անհատ խմբագիրներու, մշակներու թէ դաստիարակներու ու տակաւին շատ շատերու անուններ, որոնց բոլորի մտքին առանցքը հանդիսացաւ սեփական ժողովուրդի ազատագրումը բարբարոս թրքութեան ճիրաններէն եւ քիւրտ աւազակապետներէն, ու մանաւանդ` անասելի արհաւիրքէն:

Փաստօրէն, անոնք` դաշնակցական ազատամարտիկներ` հաւատարիմ իրենց կոչումին, զէնն ի ձեռին եւ խրոխտաբար դիմադրեցին թուրք խուժանային տարրերու եւ երբեմն ամբողջ բանակներու: Անոնք հայրենի լեռներու գագաթին, լանջերու, ծերպերու թէ քարայրներու մթութեան մէջ  ստեղծեցին դաշնակցական հայդուկի այն կերպարը, աննահանջ կռուողի այն տիպը, հայրենասէրի եւ ժողովրդանուէրի այն տեսակը, որով ո՛չ միայն դարձան հայութեան մտածումներու կիզակէտը, այլեւ ապրեցան ու աշտարակեցին այս կուսակցութեան գաղափարական ատրուշանը:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախացումով եւ ապա խորհրդայնացումով, արդէն սկիզբ կը դրուէր սփիւռքահայութեան նորովի ընկալումին, թուրք եաթաղանէն մազապուրծ ճողոպրած հայորդիներու տառապանքին ու առօրեայ կեանքի տակաւ բարելաւման մէկ ուրիշ գոյամարտին:

Յայտնապէս, յետ եղեռնեան սփիւռքի պատմութեան մէն մի հանգրուանի խոր ու առարկայական ուսումնասիրութիւն բաւարար պիտի ըլլայ յստակացնելու ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, ունեցած հայադրոշմ ներդրումը եւ քաղաքական աշխատանքներու մէջ ցուցաբերած պատկառելի տարողութիւնը:

Միւս կողմէ, աւելորդ չենք համարեր յիշեցնել, թէ դաշնակցական իրականութեան համար այդքան ալ դիւրին եւ ձեռնտու պայմաններ չէին ստեղծուած, յատկապէս Պաղ պատերազմի տասնամեակներուն, երբ միջազգային խօլ մրցակցութիւններու եւ համայնակուլ արշաւներու իբրեւ հետեւանք` ամբողջ երկրագունդը կ՛երեւեփէր:

Այնուհետեւ եղան նաեւ դժուարին ժամանակներ,  երբ ներազգային  կեանքն անգամ ալեկոծեցաւ` պատճառ դառնալով անհանդուրժելի եւ անախորժ կացութիւններու, դառնութեամբ յագեցած պահերու, որոնց  տակաւ վերացումով` սփիւռքահայութիւնը թեւակոխեց նոր հանգրուան:

Այս բոլորին նշումը կը կատարենք վերահաստատելու այն վճիտ իրողութիւնը, որ երբեմնի քաղաքական տարակարծութիւններ պատճառ են դարձեր կազմակերպական կեանքի որոշակի թուլացման, ինչպէս նաեւ` արժէքներու անկումին:

Բարեբախտաբար, Արցախի ազատագրական պայքարի ընդհուպ պայթումով պիտի ցնցուէին նաեւ հայութեան ընդարմացած հոգիները, եւ առանձնապէս պատճառ պիտի դառնար ազգային նորովի զարթօնքի մը, որուն ճաճանչներուն ականատես ենք ազգովին:

Աւելի՛ն. Դաշնակցութեան հայրենիքին մէջ կազմակերպական կեանքի վերընձիւղումով արդէն կը տրուէր ազդանշանը` հայրենի հողին վրայ ըլլալու եւ դաշնակցական գործ ծաւալելու այն գիտակցութեամբ եւ հաւատամքով, որ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներու երազանքն էր սրբազան Արարատի հովանիին ներքեւ շնչել, ոգեւորուիլ, աշխատիլ եւ ստեղծագործել:

Իրօք, ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձով արդէն սկիզբ կը դրուէր գործելակերպի նորովի ըմբռնումին, կազմակերպական կեանքի թէ կուսակցական աշխատանքի արդիւնաւէտ ընդգծումին, բայց մանաւանդ` քաղաքական ու գաղափարական հայեցակարգերու յստակեցումին:

Այլ խօսքով, դաշնակցական իրականութեան համար ճիշդ է, որ հայրենադարձութիւնը սոսկ կարգախօսային բնոյթ չէր ստացեր, որով պիտի յոխորտայինք, այդուհանդերձ, տակաւ կը ստեղծուէին այնպիսի կացութիւններ, հալածանքներ եւ բռնադատութիւններ, որ պահ մը մեզի մտածել կու տար, թէ իրողապէս ի՛նչն էր փոխուած վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին վրայ:

Այսուամենայնիւ, ժամանակներու արագ թաւալումով ի յայտ կու գային որոշակի պայմաններ, երբ Դաշնակցութիւնը մուտք կը գործէր քաղաքական ասպարէզ, այլապէս իր ներդրումը ունենալու հայոց պետականութեան ամրակայումին եւ ժողովրդավար կարգերու առաւել պայծառացումին:

Կը յիշենք, թէ կուսակցութեան հայրենիք վերադարձի վաղորդայնին, հայրենի ժողովուրդը` տարուելով արցախեան գոյակռիւի անդոհանքէն եւ թուրք¬ազերի զազրութենէն, ակնդէտ կը սպասէր դաշնակցական ֆետայական խումբերու ժամանումին` որպէս  ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդ կուսակցութեան:

Հաւանաբար, օրին վիպապաշտ արտայայտութիւն նկատուէին  նման մօտեցումներ, սակայն խորքին մէջ պատմական իրականութիւններու եւ սխրանքներու, դաշնակցական գաղափարական թէ քաղաքական արժէքներու վերազարթնումի կարօտն էր, որ կ՛ապրէր հայրենի հայութիւնը` յետ խորհրդային կարգերու փլուզման հանգրուանին:

Ի դէպ, կասկածէ վեր է Դաշնակցութեան հանդէպ հայրենի ժողովուրդին ցուցաբերած յարգանքին, բայց մանաւանդ խոր եւ տարածուն ակնկալութիւններու տարողութիւնը, որոնց յամեցումով հայրենի զանգուածը այլապէս խարխափում կ՛ապրէր եւ ինքզինք կը գտնէր թէ՛ չափազանցութիւններու, եւ թէ անկարողութիւններու դէմ յանդիման:

Փաստօրէն, ընթացիկ տարուան ամբողջ տեւողութեան եւ տարբեր հանգրուաններուն Դաշնակցութիւնը գտնուեցաւ քաղաքական վճռորոշ կացութիւններու դիմաց, երբ յանուն ժողովրդավար կարգերու յարգումին եւ հաստատման մղեց սահմանադրականօրէն ամրագրուած ընտրապայքարներու տեսականի:

Ճիշդ է, որ առաջին անգամ չէր, որ դաշնակցութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէր նախագահական, Ազգային ժողովի թէ այլ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու, ուր փորձ կը կատարէր իր ներկայութիւնն ու դիմագիծը ամրապնդելու, այդուամենայնիւ, կը պատահէր անսպասելին, երբ քուէարկութիւններու պատկերներ տակաւ կը ստանային համեմատական նուազում` պատճառ դառնալով որոշակի դժգոհանքներու, յուսալքումի եւ ընդվզումի ալիքներու:

Այս առումով, ստեղծուած կացութեան ի տես, եւ ի պատիւ Դաշնակցութեան, հայ մամուլի էջերուն երեւան եկան դաշնակցական պատասխանատուներու թափանցիկ արտայայտութիւնները` քաղաքական թէ այլ բնագաւառներու վերաբերող, որոնց մէջ ընդունելէ ետք բացթողումներու, ապիկարութիւններու, անճիշդ գնահատումներու, բայց մանաւանդ` կազմակերպական կեանքի ոչ աշխոյժ եւ անարդիւնաւէտ իրողութեան յամեցումը, այլապէս ամբողջ հայութեան սեփականութիւնը կը դարձնէին յիշարժան կեցուածքներ, որով պիտի կարենային առաջին հերթին ըստ էութեան գնահատել իրերայաջորդ պարտութիւնները, ապա կողմնորոշուիլ` հետագայ ընելիքներու հրամայականէն թելադրուած:

Պահ մը զանց առնենք հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունեցող բազում խնդիրներու յամեցումը` քաղաքական միտքի հասունացում, առողջ եւ շինիչ ընդդիմադիրի ուժեղ ներկայութիւն, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպանութիւն, փտածութեան թէ կաշառքի դէմ պայքար, անարդարութիւններու դէմ բողոքի արտայայտութիւններ, հաշուետուութեան գիտակցական աստիճանաչափ, ժողովրդական կամքի թէ պահաջատէրի հասկացողութիւն, ստուերային գործերու թէ տնտեսական-աւատապետական դրութիւն եւ այլն, որոնք այլապէս պատճառ են հայրենիքի պետականութեան տկարացման եւ ժողովուրդի օրըստօրէ աղքատացման:

Յիրաւի, հոսկէ մեկնած եւ ապահովաբար, դաշնակցական իրաւ խօսքի ու գործի ակնկալութեամբ է, որ մեր մտածումներու առանցքը կը դարձնենք դաշնակցական աւանդութիւններու եւ գործելակերպի առաւել ամրագրումը, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել բազմապիսի մարտահրաւէրներ:

Փաստօրէն, ինչպէ՛ս պիտի կարենանք հայրենի ժողովուրդին միտքէն վանել թերահաւատութիւնը գրեթէ ամէն ինչի նկատմամբ: Մեր ժողովուրդը որո՛ւն ապաւինած պիտի կարենայ յաղթահարել իր իսկ ստեղծած վախերու տեսականին: Իսկական ընտրազանգուած մը ունենալու համար, ինչպիսի՛ միջոցառումներու հարկ է դիմել: Խիզախ եւ պահանջատէրի իր կեցուածքին ընդառաջ` հայրենի ժողովուրդին մօտ  ինչո՛ւ կը բացակայի ժողովրդանուէրի այն տիպարը, որուն շուրջ պիտի հաւաքուի եւ անով զօրացած մղէ` իր արդարութեան մարտերը:

Ո՛ւր է այն քաղաքական ուժը, որուն ռազմավարի եւ մարտավարի աշխատանքներուն ի տես, ժողովուրդ մը ամբողջ պիտի համոզուի եւ նետուի պայքարի դաշտ` յանուն քաղաքացիական կորուսեալ իրաւունքի ձեռքբերումին եւ ամրակայման:

Չե՛նք կրնար ժողովրդային զանգուածներ մեղադրել եւ պատասխանատուութենէ խուսափիլ: Այլապէս ինչպէս պիտի կարենանք նոյնինքն հայրենի տարբեր զանգուածներու մօտ վստահութիւն վերականգնել եւ փոփոխութիւններու արշալոյսը աւետել:

Գոյութիւն ունի պայքարի ուղի մը, որուն արահետները քարքարուտ են եւ շատ անգամ անանցանելի:

Արդարեւ, Դաշնակցութեան վերապահուած առաքելութիւնը, եթէ մէկ կողմէ սփիւռքահայութեան վերակազմակերպումն է, ապա միւս կողմէ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է դառնալ այլընտրանքային այն ուժը, որով պիտի կարենայ ազգ մը առաջնորդել, պետականութեան հիմքերը ամրացնել, ժողովուրդին մէջ գաղափարական մշակոյթ սերմանել, բայց մանաւանդ Արարարտին վերատիրանալու երազանքը վառ պահել:

Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան համար նման խնդիրներ, հարցեր թէ մարտահրաւէրներ այդքան ալ նորութիւն չեն: Փաստօրէն, ֆետայական կռիւներէն ամրապնդուած ան կարողութիւնը ունեցաւ հայրենիք կերտելու, եւ հետագայ սերունդներու մէջ ազատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան անխառն համոզումն ու հաւատամքը սերմանելու: Կը մնայ էապէս հասկնալ սեփական ժողովուրդի մը բազկերակին տրոփները, ընդելուզուիլ անոր ցաւերուն եւ տառապանքներուն հետ, շնչել եւ տոգորուիլ անոր յաղթանակներով, գուրգուրալ նորահաս սերունդի արձանագրած բազմաճակատ յաջողութիւներուն եւ ապրիլ վաղուան օրուան նոր նուաճումներու երազանքով:

Ջերմօրէն հաւատացողն ենք այն իրականութեան, որ, այնքան ատեն որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը փարած ու կառչած կ՛ըլլայ իր սրբազան աւանդներուն եւ անփոխարինելի արժէքներուն, այնքան մօտ կ՛ըլլայ սեփական ժողովուրդի սրտերուն եւ հոգիներուն:

Ի վերջոյ, ժողովուրդ ղեկավարելը մտածողութիւն է, կամքի ու հաւատամքի ամէնէն բիւրեղ արտայայտութիւնը:

Վերադարձնե՛նք դաշնակցականակերտի այդ իրաւունքը:

 

Share this Article
CATEGORIES