Այս Օրը

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

4160375786ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 123-րդ տարեդարձն է այսօր. տարեդարձը այն կուսակցութեան, որ հպարտաբեր պատմութիւն ստեղծեց ոչ միայն իրեն, այլեւ` հայ ժողովուրդին:

Պարզ սովորութեամբ չէ, որ կը տօնուի այս տարեդարձը, այլ իբրեւ առիթ` անդրադառնալու այն գործին, զոր կատարած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, հաղորդուելու այն ոգիին, զոր ստեղծած է ան մեր ժողովուրդին մէջ, դարերով օտար լուծերու տակ կքած, ընկճուած ու այլասերած իր կեանքով ու հոգիով:

Աւանդ մըն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, 123 տարիներու պատկառելի աւանդ մը, որ սակայն տարիներու թիւ չէ միայն, այլ` գաղափար է, գործ է: Գաղափար մը, որ վերացականութիւն չէ, այլ կենդանի ու գործօն արտայայտութիւն է. գաղափար մը, որ զանգուածները կ՛ոգեւորէ եւ շարժման մէջ կը դնէ: Հայրենիքի գաղափարն է, ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի գաղափարը, որ դարերով ներշնչած է հայ ժողովուրդը` հայոց պատմութիւնը դարձնելով անվերջ մաքառում, զոհաբերութեան խորան, հերոսապատում:

Դաշնակցութիւնը իր ծնունդով ու 123-ամեայ գործունէութեամբ եկաւ բիւրեղացնելու այս գաղափարը` նուիրական արժէք դարձնելով զայն: Կերտեց հայ քաղաքական միտքը` հայրենիքի գաղափարին շուրջ համախմբելով հայութեան գործօն, հաւատաւոր ու հայրենասէր բոլորուժերը:

Բայց Դաշնակցութիւնը միայն գաղափարի կուսակցութիւն մը չեղաւ, այլ` գործի կուսակցութիւն մը: Գեղեցիկ է գաղափարը, սակայն առանց իրականացման անբովանդակ խօսք է: Դաշնակցութիւնը` գերազանցօրէն գործի կուսակցութիւն, ջանաց գաղափարը գործի վերածել, զանգուածները մղելով գործունէութեան եւ զոհաբերութեան: Հաց ու ջուր դարձուց ան հայրենիքի գաղափարը, կենսական տարրեր` ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, բոլորին ներշնչելով այն համոզումը, թէ առանց ազատութեան անիմաստ է ամէն գաղափար: Ազգերը ազատութեամբ ազգ են. առանց ազատութեան` ամբոխ ու անգոյն բազմութիւն են, ինչպէս հայրենիքները առանց անկախութեան եւ մշակոյթի հող են ու քար միայն:

Դարերու լուծին տակ կքած հայը մոռցած էր այս բոլորը, խաթարուած էր ազատատենչ ոգին, պղտորած էր իր պայծառ գիտակցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հարազատ ծնունդը հայկական յեղափոխութեան, ապա նուիրեալ ղեկավարը  անոր, վերստեղծեց հին ու ազատատենչ հայութիւնը: Վերակերտեց հայ հոգին` արեան մկրտութեամբ ու անչափելի զոհողութիւններով: Ստեղծեց նոր հայեր, որոնք ընդունակ եղան գաղափարներու համար պայքարելու, նոյնի՛սկ նահատակուելու: Այս հայերը, մշակ-բանուորէն մինչեւ մեծանուն մտաւորականն ու քաղաքագէտը, գիտցան նոր պատմութիւն ստեղծել, պայքարի, ազատութեան ու անկախութեան նուիրուած պատմութիւն, որուն էջերը գրուեցան մեծ զրկանքներով, անհուն զոհաբերութեամբ եւ հերոսական արարքներով` Զէյթունէն մինչեւ Սասուն ու Սարդարապատէն մինչեւ Շուշի: Տասնամեակները այնուհետեւ դադրեցան դէպքերու արձանագրութիւն ըլլալէ, դարձան դիւցազներգութիւն, մարդիկ դադրեցան այլեւս մահկանացուներ ըլլալէ, դարձան անմահներ` մահուան ճամբաներու վրայ, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած բոլոր իրաւունքներուն:

Ամէն տարի, ահաւասիկ, այս պատմութիւնն է, զոր կը տօնենք. այս անցեալը, որ անցեալ մը չէ միայն, այլ` ներկայ ու ապագայ մը:

Արդարեւ, մեծարանքի նշում մը չէ 123-ամեակի տօնակատարութիւնը, այլ` վերահաստատում մը գաղափարի ու գործի այն մնայուն արժէքներուն, որոնցմով զինուած` հայակերտ այս կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր հաստատ երթը` իբրեւ «անկեղծ զինուոր»-ը իր ժողովուրդին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES