2014-ի Մոնտիալին Մասնակցող 32 Խումբերուն Մաս Կազմած Զամբիւղները
Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ 2014-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 32 խումբեր, բաժնուած` ութ խմբակի, իւրաքանչիւրը` 4 խումբ:
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց այդ 32 խումբերուն մաս կազմած զամբիւղները, ընդամէնը` 4:
Հիւրընկալ երկիրը, որ մաս կազմեց Ա. զամբիւղին, բնականաբար պիտի կատարէ մրցաշարքին բացման մրցումը, 12 յունիս 2013-ին, Սան Փաուլոյի մէջ:
Ստորեւ` այդ չորս զամբիւղներուն պատկերը.
Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Պրազիլ, Սպանիա, Արժանթին, Պելճիքա, Քոլոմպիա, Գերմանիա, Զուիցերիա եւ Ուրուկուէյ:
Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Փղոսկրեայ ափունք, Ղանա, Ալճերիա, Նիկերիա, Քամերուն, Չիլի եւ Էքուատոր:
Գ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Ճափոն, Իրան, Հարաւային Քորէա, Աւստրալիա, Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա, Քոսթա Ռիքա եւ Հոնտիւրաս:
Դ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Պոսնիա, Խրուաթիա, Անգլիա, Յունաստան, Իտալիա, Հոլանտա, Փորթուգալ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա:

