«Էն. Պի. Էյ. Փիսթընզ Կասեցուց Հիթի Յառաջխաղացքը

match-basket412«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Տիթրոյիթ Փիսթընզ 107-97 արդիւնքով յաղթելով Մայեմի Հիթի, յաջողեցաւ կասեցնել անոր յառաջխաղացքը, որ վերջին տասը մրցումներուն մնացած էր անպարտելի: Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 23 կէտ:

Երկրորդ երկարաձգումէն ետք միայն, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 126-125 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքի: Վերջինիս մարզիկներէն Աարոն Աֆլալօ նշանակեց 43 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 126-125
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս 108-100
Տենվըր Նակեթց – Պրուքլին Նեթց 111-87
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ 107-97
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ 110-91
Տալաս Մավըրիքս – Շարլոթ Հոռնեթց 89-82
Օքլահոմա Սիթի – Սաքրամենթօ Քինկզ 97-95
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 112-103

Ստորեւ` այսօրուան յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տենվըր Նակեթց
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Օրլինզ – Տալաս Մավըրիքս
Եութա Ճեզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )