Ներկայացուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին Պաշտօնական Գնդակը

ball-2014Իր լուրը քաղելով լատին-ամերիկեան լրատուամիջոցներէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ պրազիլական Ռիօ Տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2014-ի Մոնտիալի գնդակի ներկայացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Նոր գնդակը, որ ստացաւ «Brazura» անուանումը, ներկայացուեցաւ պրազիլական Ֆլումինենսէ խումբի յառաջապահ Ֆրետի կողմէ:

Նախքան այս հանդիսութիւնը, գնդակը արտադրող ընկերութիւնը խոստացաւ անոր կրկնօրինակները, նուիրել 3 դեկտեմբերին ծնած երեխաներուն, Պրազիլի այն 12 քաղաքներուն մէջ, ուր պիտի կատարուին Մոնտիալի մրցումները:

Նշենք, որ գնդակին վերջնական տարբերակը ընտրուեցաւ նախորդ տարի` քուէարկութեամբ: Անոր ի նպաստ քուէարկեց մասնակցողներուն 78 առ հարիւրը:

Share this Article
CATEGORIES