Եուրօ-2016. Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Նոյն Խմբակին Մէջ Պիտի Չըլլան
Յառաջիկայ փետրուար 2014-ին, Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵՈՒՐՕ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Այս ուղղութեամբ որոշ մանրամասնութիւններ յայտնաբերելով, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ տեղի ունենալիք վիճակահանութիւնը իրարու մրցակից պիտի չհանէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, Ռուսիան եւ Վրաստանը, Սպանիան եւ Ճիպրալթարը: Վերջինս առաջին անգամ է, որ կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Որոշուած է նաեւ, որ մրցումներուն յայտագիրը պիտի կազմուի այնպէս մը, որ համեմատաբար երկար ձմեռ ունեցող երկիրները նոյեմբերին եւ մարտ ամիսներուն իրենց մրցումները կատարեն օտար դաշտերու վրայ:
Խօսքը կը վերաբերի Ռուսիոյ, Ֆինլանտայի, Ֆարօ Կղզիներուն, Իրլանտայի, Նորվեկիոյ, Անտորրայի, Պիելոռուսիոյ, Էսթոնիոյ, Լիթուանիոյ, Լաթվիոյ, Ուքրանիոյ եւ Շուէտի:

