Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Արեան Քննութեան Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեան քննութեան անհրաժեշտութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացուց դասախօսը, նշեց տարբեր տեսակի արեան քննութիւնները եւ անդրադարձաւ, թէ որքանո՛վ անոնք կը համապատասխանեն ճշդուած չափանիշներուն: Անհրաժեշտ է պարբերաբար արեան պահանջուած քննութիւնները կատարել` նպաստելու հիւանդութիւններու ախտաճանաչման եւ կանխարգիլման:
Շաքէ Բարմաքսզեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ի՞նչ կը հասկնանք արեան քննութիւններ ըսելով. անոնք ընդհանուր հիւանդութիւններու ախտաճանաչման ծրարին մէջ կը ներկայանան մեծ համեմատութեամբ:
Երեք հիմնական պատճառներով կը կատարուին արեան քննութիւնները.
1.- Նախազգուշական միջոցառումներու պարագային. այս բաժինին մէջ կարելի է նշել վարակիչ հիւանդութիւններու պարագան, ուր տարբեր մակարդակի արշաւներ կը կատարուին:
2.- Հիւանդութիւններու ախտաճանաչման հոլովոյթին մէջ, ուր արեան քննութիւններու ճշդուած տեսակները մեծապէս կը նպաստեն հիւանդութեան ախտաճանաչման:
3.- Դարմանումի հետեւողականութիւնը շարունակաբար պահելու: Արեան քննութիւնները հաստատօրէն կ՛ապահովեն այս ընթացքը:
Տարրալուծարանի մասնագէտը երեք բաժիններով մանրամասնօրէն ներկայացուց տարբեր տեսակի արեան քննութիւններ` համախմբելով զանոնք հետեւեալ վերնագիրներուն տակ:
1.- Վահանագեղձի հետ առնչուած արեան քննութիւններու տարբեր տեսակներ: Բացատրելով վահանագեղձի կառոյցը եւ անոր պարտականութիւնները` բանախօսը յիշեց: FT3, FT4, ինչպէս TSH քննութիւնները, որոնք օղակի նման զիրար կ՛ամբողջացնեն:
Շատ կենսական է սնունդի մէջ աղի չափաւոր քանակը, յատկապէս վահանագեղձի բնական աշխատանքին առումով:
2.- Սրտանօթային հիւանդութիւններ. այս բաժինին մէջ կան քոլեսթերոլը, թրիկլիսերիտը, HDL-ը, LDL-ը, VLDL-ը, Թրոփոնինը, CK CK-mb Էնզայմները: Շաքէ Բարմաքսըզեան մանրամասն բացատրեց վերոնշեալները, անոնց քննութիւններու անհրաժեշտութիւնը` հետեւելու սրտանօթային հիւանդութիւններու ախտաճանաչման ու ընթացքին:
3.- Շաքարախտի հետ առնչուած արեան քննութիւններու տարբեր տեսակները, ինչպէս` շաքարի քանակը, շաքարի վերջին երեք ամսուան պահեստի քննութիւնը, ինսիւլինը եւ տարբեր քննութիւններ: Բանախօսը բացատրեց, թէ ե՛րբ, ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պայմաններու տակ կարելի է վերոնշեալ քննութիւնները կատարել:
Աւարտին, Շաքէ Բարմաքսզեան խորհուրդ տուաւ արեան քննութիւնները կատարել բժիշկի թելադրութեամբ եւ հսկողութեամբ` ստանալու արդիւնաւէտ պատասխաններ ու դարմանումներ:

