Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Հոլանտա` 3,5-0,5
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի ճակատումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը արձանագրեց մրցաշարքի իր 4-րդ յաղթանակը` 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հոլանտան:
Գաբրիէլ Սարգսեան միակն ըլլալով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Լեւոն Արոնեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Մնացեալ մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
| Եգիպտոս – Ազրպէյճան | 0-4 |
| Գերմանիա – Չինաստան | 1,5-2,5 |
| Թուրքիա – Միացեալ Նահանգներ | 2-2 |
| Ուքրանիա – Ռուսիա | 1,5-2,5 |
Ստորեւ` դասաւորումը.

CATEGORIES Մարզական

