Պրիւքսէլի Մէջ` Լաւրով-Քերրի Հանդիպում

Քերրի եւ Լաւրով
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-Ռուսիա խորհուրդի նախարարական ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցած են:
«Ինթըրֆաքս»-ի լրագրողը կը հաղորդէ, որ անոնք ջերմ կերպով զիրար ողջունած են, որմէ ետք իրենց հանդիպումը շարունակած փակ դռներու ետին:
Ռուսական պատուիրակութենէն աղբիւր մը նախապէս «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած էր, որ Լաւրով Պրիւքսէլի մէջ շարք մը հանդիպումներ կը ծրագրէ, ներառեալ` Քերրիի հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լաւրով եւ Քերրի Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան վերաբերող հարցեր քննարկած են:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փոխանցման հանգրուանին ընթացքին Սուրիոյ նախագահ պիտի մնայ»:
Քրտական քաղաքական միութեան նախագահ Ապտել Հաքիմ Պաշշար յայտարարեց, որ ինք Սուրիոյ մէջ դաշնակցային պետութեան մը հաստատման կը զօրակցի, պայմանաւ որ այդ մէկը տեղի ունենայ ազգային համախոհութեան մը ծիրին մէջ, որովհետեւ քրտական հարցը կարելի չէ սուրիական ազգային հարցէն անջատ լուծել:
Միւս կողմէ, քաթարեան պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթար «սուրիական վարչակարգին հետ ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ կապ չէ հաստատած»: