Թրիփոլիի Մէջ . Բանակը Կը Շարունակէ Յանցագործներու Ձերբակալումը

Բանակի անցարգել` Թրիփոլիի մէջ
Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակը շարունակեց դիրքաւորուիլ բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր տիրեց համեմատաբար աւելի հանդարտ վիճակ:
Բանակը վերացուց Թրիփոլիի զանազան շրջաններուն մէջ զետեղուած պատնէշները, յատկապէս Սուք Քամհի մէջ, որուն ճակատին պատասխանատուն էր Զիատ Ալուքին:
Բանակը Թրիփոլիի մէջ կատարեց նաեւ ներխուժումներ եւ ձերբակալեց չորս զինեալներ, որոնք են` Ահմետ Եհիա Սէուտը, Ժաաֆար Հիւսէյն Թամերը, Ահմետ Մոհամետ Ռիատը եւ Սալահ Ապտել Համիտ Մոհամետը, որոնք ամբաստանուած են ահաբեկչութիւններ կատարելու եւ բանակայիններուն ու քաղաքացիներուն դէմ կրակ բանալու յանցանքով:
Բանակը գրաւեց նաեւ զէնք ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ անթել հաղորդակցութեան սարքեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

