Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ցաւ Յայտնեց Մաալուլայի Մայրապետներուն Առեւանգումին Համար Եւ Դատապարտեց Այդ Արարքը

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն պահ մը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ցաւ յայտնուեցաւ Մաալուլայի մայրապետներուն առեւանգումին համար եւ խստիւ դատապարտուեցաւ այդ արարքը:
«Խաղաղութեան համար աղօթողները ի՞նչ յանցանք ունին Սուրիոյ տագնապին մէջ», հարց տուաւ խորհուրդը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ անտառի օրէնք մը կը տիրէ, ուր սպանութիւնը, քանդումն ու գաղթականութիւնը իրենք զիրենք կը պարտադրեն:
Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին քաղաքական անձնաւորութիւններուն` վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը դիմագրաւէ Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կ՛իրագործէ նախագահական ընտրութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը յայտնեց, որ կարգ մը ուժերու կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած այն վարուելակերպը, որ Լիբանան գերիշխան պետութիւն մը չէ, լիբանանցիները իրենց պատասխանատուութիւններէն զերծ չի պահեր:
Խորհուրդը հաստատեց, որ լիբանանցիները իրենց ներքին երկխօսութեամբ լիբանանեան խմբաւորումները կը մղեն ուղղուելու դէպի բարեկամ երկիրներ եւ Լիբանանը վերածելու միջազգային քաղաքականութեան պատանդին:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ակնարկեց նաեւ երկրի եւ պետական մարզի սառած իրավիճակին ու փտածութեան:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին` կաթողիկէ եկեղեցիներով եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներով զբաղելուն ու եկեղեցւոյ կողմէ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան տրամադրման համար: