Միքաթի – Քարամէ Հանդիպում

Քարամէ եւ Միքաթի

Քարամէ եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան պետութեան կողմէ աւելի լուրջ եւ խիստ մօտեցում որդեգրուած է` Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու:

Քարամէ աւելցուց, որ Թրիփոլիի եւ Թրիփոլիի ապահովութեան հարցով ինք առաջարկած է կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարել` աւելցնելով, որ Միքաթի խոստացած է այդ իմաստով ընդառաջել Քարամէի պահանջին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )