Պըրրի. «Սպանութիւնը Իսրայէլի Ոճն Է Եւ Պէտք Է Զգաստանալ»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Հասսան Հաուլօ Լաքքիսի սպանութեան:

Պըրրի շեշտեց, որ սպանութիւնը իսրայէլեան ոճ է` ընդգծելով, որ պէտք է զգաստանալ այս հանգրուանին տիրող պայմաններէն, որովհետեւ թշնամի Իսրայէլը բոլորին կը հասնի:

Պըրրի մաղթեց, որ Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը յաջողութիւն արձանագրէ եւ պէտք եղած կերպով ընթանայ:

Խորհրդարանի նախագահը գնահատեց ցարդ արձանագրուած արդիւնքները եւ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին պէտք է տրամադրել յաջողութեան բոլոր ազդակները, որպէսզի ան իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կատարէ եւ ապահովական կայունութիւնը վերադարձնէ Թրիփոլիի բնակչութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է եւ երկիրը տակաւին կը մնայ սառած վիճակի ու տեղքայլի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )