«Սէուտական Արաբիոյ Նման Մտերիմ Երկրի Մը Հետ Յարաբերութիւնները Պէտք Չէ Քանդել» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` խորհրդաժողովին իր խօսքը ուղղելու պահուն

Նախագահ Սլէյման` խորհրդաժողովին իր խօսքը ուղղելու պահուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մասնակցեցաւ Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցած «Երկխօսութիւնը` ճշմարտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ նման սիրելի եւ մտերիմ երկրի մը հետ յարաբերութիւնները պէտք չէ քանդել` անոր դէմ ամբաստանութիւններ արձակելով եւ կամ այս կամ այն երկրին, ինչպէս Սուրիոյ` տագնապին միջամուխ դառնալով եւ որոշ կողմերու կողքին կռուելով:

«Այս բոլորը կը պատահին, եւ թշնամի Իսրայէլը իրերայաջորդ իր թիրախները կը գործադրէ, ինչպէս պատահած է այսօր», ըսաւ ան` անհրաժեշտ նկատելով Լիբանանի մէջ գտնուող զէնքին ուղղութիւնը ճշդել, երկիրը պաշտպանել, ինչպէս նաեւ բացատրել երիտասարդներու ուժն ու նահատակութեան իմաստները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ժիպէյլ ծով, համաշխարհային հորիզոններ, պատգամ, գործակցութիւն եւ հաղորդակցութիւն ունեցող լիբանանեան քաղաքներէն մէկն է:

«Այսօր Ժիպէյլ մշակութային, քաղաքաշինութեան եւ զբօսաշրջութեան բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշն է, իսկ մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որ Լիբանան վերածուի տարբեր քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան երկրի մը` նկատի ունենալով անոր դիրքը եւ արմատացած փորձառութիւնը` բազմազանութիւնը, համակեցութիւնը եւ միասնականութիւնը պահպանելու եւ միաձուլելու իմաստով», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց մնալու երկխօսութեան եւ ժողովրդավարութեան ջատագովը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հասնիլ նոր ժողովրդավարութեան մը, որ ատակ է համաշխարհայնացումին հետ գոյակցելու:

 

Share this Article
CATEGORIES