Ձմրան Եղանակին Առաջին Անձրեւները Բաւարար Էին Լիբանանի Մայրուղիներն Ու Փապուղիները Ողողելու

Օդակայանի ճամբու փապուղին` ողողուած ջուրով
Լիբանանի մէջ տեղացած երկօրեայ տեղատարափ անձրեւը, որ եղանակի առաջին անձրեւը կը նկատուէր, բաւարար էր երկրին մայրուղիներն ու փապուղիները ողողելու, լաւագոյն պարագային` անձրեւի ջուրով, իսկ յոռեգոյն պարագային` կոյուղիներու ջուրերով:
Լիբանանի մէջ երէկ այս պատկերը պարզուեցաւ նախքան ձիւնամրրիկին Պէյրութ այցելութիւնը:
Անկախ այն իրողութենէն, որ մեծ թիւով քաղաքացիներ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ բանտարկուած մնացին անշարժ երթեւեկի եռուզեռին պատճառով, իսկ ոմանք քալելով մեկնեցան իրենց բնակարանները, Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուող ճամբորդները մնացին օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող փապուղիին մէջ. ոմանք չկրցան հասնիլ իրենց թռիչքներուն, իսկ ուրիշներ մոթորսիքլեթներով ուղղուեցան օդակայան:
Քաղաքացիական անվտանգութեան ուժերը երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք հասան ողողուած փապուղիին վայրը եւ սկսան իրենց փրկարար աշխատանքներուն` օժանդակելով քաղաքացիներուն:

