Հըզպալլայի Պատասխանատուներէն Հասսան Լաքքիս Սպանութեան Թիրախ Դարձաւ

Հասսան Լաքքիս
Հըզպալլայի զինուորական թեւի պատասխանատուներէն Հասսան Հաուլօ Լաքքիս նախանցեալ օր կէս գիշերին իր բնակարանին մօտ սպանութեան թիրախ դարձաւ` Հատաս-Սենթ Թերեզ շրջանին մէջ:
Ան իր ինքնաշարժը կեցուցած էր իր տան մօտ եւ տակաւին ինքնաշարժին մէջ էր, երբ փամփուշտներ ստացած էր եւ իսկոյն մահացած:
Հըզպալլա գուժեց անոր նահատակութիւնը եւ անոր սպանութեան արարքով ամբաստանեց Իսրայէլը` աւելցնելով, որ Իսրայէլ Լաքքիսը քանի մը անգամ մահափորձի ենթարկած է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Իսրայէլը ամբաստանեց Լաքքիսի սպանութեան յանցանքով:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է Լաքքիսի սպանութեան:
Լաքքիսի սպանութեան մասին լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն բացած հետաքննութեան համաձայն, բացայայտուեցաւ, որ երեք անձեր մօտեցած են Լաքքիսի ինքնաշարժին եւ անոր վրայ կրակ բացած են` իրենց գնդացիրներուն փամփուշտները իսկոյն ուղղելով անոր գլխուն եւ վիզին:
ԱՖՓ լրատու գործակալութեան համաձայն, Լաքքիս կը նկատուի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մտերիմ անձնաւորութիւն մը:
Լաքքիսի սպանութեան գործողութիւնը ստանձնեց «Պաալպեքի սիւննի ազատականներու փաղանգ» կոչուող խմբաւորում մը:
Աւելի ուշ, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցին ընդմէջէն հրապարակուեցաւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ «Իսլամ ժողովուրդի համակիրներու փաղանգ» խմբաւորումը ստանձնեց Լաքքիսի սպանութիւնը` գործողութիւնը կոչելով «Հարաւային արուարձաններու ներխուժում»:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Իսլամ ժողովուրդի համակիրներու փաղանգ»-ը ներխուժեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր սպաննեց սատանայի կուսակցութեան հրէշներէն մէկը, որ ուղղակի պատասխանատուն է Քուսայրի սպանդին:
Լաքքիսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին` Պաալպեքի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Հասսան Լաքքիսի սպանութեան մէջ տեսաւ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստելու եւ լիբանանեան ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը հարուածելու նոր փորձ մը:
«Այս սպանութիւնը կը ծառայէ համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու իսրայէլեան նպատակներուն», ըսաւ Սլէյման եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու եւ Լիբանանը զանազան տագնապներէն զերծ կացուցելու:
Նախագահ Սլէյման ընդհանուր դատախազը փոխարինող Սամիր Համմուտէն պահանջեց ամէն ջանք ի գործ դնել` բացայայտելու համար յանցագործները եւ զանոնք փոխանցելու դատական իշխանութիւններուն:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Լաքքիսի սպանութեան նպատակն է Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածել:
Ան պահանջեց բացայայտել յանցագործները եւ զանոնք դատական իշխանութիւններուն փոխանցել:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Լաքքիսի սպանութիւնը` յայտնելով, որ սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անհաշիւ ամբաստանութիւնները կը նպաստեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումին:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Լաքքիսի սպանութիւնը դատապարտելի է` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բացայայտելու համար չարագործները:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Հասսան Լաքքիսի սպանութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը դատապարտէ բոլոր պայթումները, որոնք թիրախ դարձուցին Հարաւային արուարձանները:
Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Լիբանանը հարուածած բոլոր դէպքերուն պարագային դատական իշխանութիւնները արձակեն յարմար վճիռներ:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Լաքքիսի սպանութիւնը` հաստատելով, որ այդ արարքը գործած է գործակալ ձեռք մը, որ Դիմադրութեան եւ անոր հետեւորդներուն նկատմամբ չարիք կը տածէ:

