«Բանակը Պիտի Յաջողի Թրիփոլիի Մէջ, Ինչպէս Որ Յաջողած Էր Նահր Պարետի Եւ Սայտայի Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

enger_hagop_nbn3Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Հասսան Հաուլօ Լաքքիսի սպանութեան սուգին առիթով:

«Բնականաբար մենք կը դատապարտենք այս արարքը եւ մեկնաբանութիւններու սկսելէ առաջ կը սպասենք այդ իմաստով բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումները մնայուն կերպով առկայ են, եւ լիբանանեան պետութիւնը իր պարտականութիւնները պէտք է կատարէ:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ տիրող կացութեան` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ շրջանին մէջ կայ դրական ընդհանուր մթնոլորտ մը, որ անպատճառ բոլորին գոհունակութիւն չի պատճառեր: «Հետեւաբար ներկայ կացութենէն դժգոհ կողմերը, ինչպէս` Իսրայէլն ու ահաբեկիչները, կրնան լիբանանեան երկփեղկուած ուժերուն միջեւ բաժանումը աւելի եւս խորացնել», ըսաւ Յ. Բագրատունի` նշելով, որ այդ սպանութիւնը երկրին մէջ իրարանցում ստեղծելու եւ տեղական ապահովական կայունութիւնը հարուածելու ջանքերուն մաս կը կազմէ:

Յ. Բագրատունի ակնարկեց նաեւ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն եւ բանակին կողմէ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու ճիգերուն` նշելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ընթացքին զոհուած քաղաքացիները քաղաքական հաշիւներու զոհերն են:

Պատասխանելով հարցումի մը, որ կ՛անդրադառնար ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի այն յայտարարութեան, թէ Թրիփոլիի կացութիւնը կարելի է հակակշռել սուրիական-սէուտական համաձայնութեամբ, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ մեծ թիւով զոհերու արձանագրումէն ետք, ինչպէս նաեւ իրարու գոհ պահելու սկզբունքին վրայ հիմնուած ապահովութեան հաստատումէն բաւական ժամանակ ետք, այս հանգրուանին հասած ենք Թրիփոլին բանակին հրահանգին տակ զետեղելու որոշումին:

«Ինչո՞ւ հարիւր զոհի արձանագրումէն ետք պէտք է մտածենք, որ բանակը կրնայ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատել», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը երկրին սահմանադրութեամբ ստացած են քաղաքական իրենց հովանաւորութիւնը, եւ ապահովական իւրաքանչիւր միջադէպի պարագային չէ, որ քաղաքական նեցուկ կամ հովանաւորութիւն պէտք է խնդրեն երկրին քաղաքական ուժերէն:

«Բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրուելիք քաղաքական հովանաւորութեան յղացքը քաղաքական ուժերուն կողմէ պատճառաբանութիւն մըն է, անկախ անկէ, որ Թրիփոլիի կացութիւնը առնչուած է շրջանային իրադարձութիւններուն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ նուազագոյնը կարելի է օգտուիլ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրինակէն եւ տեսնել, որ լուծումը բանակն է, ապահովութեան ուժերն են եւ ազգային երկխօսութիւնը:

«Մենք իբրեւ պետութիւն պատասխանատու ենք լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութեան տէր կանգնելու առումով եւ մենք հասած ենք այնպիսի օրի մը, որ քաղաքացին իր արդար իրաւունքներուն պահանջին վերջ տուած է` պահանջելով նուազագոյնը բնակարանէն աշխատատեղի տեղափոխութիւնը եւ հակառակը ապահով կերպով կատարել, այսինքն` ան կը պահանջէ ապահովական կայունութիւն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

«Լիբանանցի քաղաքացիները եւս պէտք է լաւ գիտնան, որ կան քաղաքական ղեկավարներ, որոնք կը խաբեն ժողովուրդը, եւ եթէ վաղը հաշուետուութիւն պիտի կատարուի, ապա բոլորս պէտք է դիմենք մեր յիշողութեան` ճշդելու համար, թէ ո՛վ էր ճշմարիտը եւ ո՛վ` խաբեբան, սկսեալ` իմ անձէս եւ հասնելով բոլոր պատասխանատուներուն», շեշտեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը:

Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը յաջողած է Նահր Պարետի մէջ, Սայտայի մէջ, «իսկ եթէ Ապրայի դէպքերէն վեց ամիս առաջ արտօնուէր բանակին, որ հոն տիրող կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնէր, ապա այս աստիճան անվտանգութեան չէինք հասներ: Ինչո՞ւ պէտք է միշտ շարք մը զոհերէ ետք անդրադառնանք այս իրականութեան: Պէտք է համոզուինք, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կարող են եւ կրնան հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը», նշեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի յոռեգոյն իրականութիւններէն է անձնագիրի եւ համայնքային ու յարանուանական պատկանելիութեան հիման վրայ քաղաքացիներուն սպանութիւնը, որ մինչեւ օրս փորագրուած է լիբանանցիներուն յիշողութեան վրայ:

«Հետեւաբար, այս հանգրուանին մենք պէտք է գրաւը դնենք բանակին եւ անոր հեղինակութեան վրայ` առանց մտածելու, որ բանակը երկարաշունչ համբերութիւն ունի եւ կրնայ ներխուժել ահաբեկիչներուն կեդրոններն ու կասեցնել օրինազանցութիւնները: Սակայն պէտք է օժանդակել բանակին եւ գործակցիլ անոր հետ, որպէսզի Ապրայի փորձառութիւնը չկրկնուի», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ միջլիբանանեան առումով անհրաժեշտ է միասնականութիւն գոյացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ շրջանին մէջ արձանագրուելիք փոփոխութիւններէն:

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական թղթածրարին գծով ստորագրուած համաձայնագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ անիկա դրական եւ կարեւոր համաձայնագիր մըն է` ընդգծելով նաեւ, որ Իրանի կողմէ Սէուտական Արաբիոյ հետ այդ համաձայնագիրին մասին քննարկումներ կատարելու փափաքը շօշափելի է. ան մաղթեց, որ շրջանին մէջ կատարուելիք համաձայնութիւնները Լիբանանի հաշուոյն չըլլան:

«Եթէ լիբանանցիներս միասնական ըլլանք, ապա կ՛ապահովենք երկրին շահերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գոյութիւնն ու բարգաւաճումը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Շրջանային առումով ան հարց տուաւ, որ արաբ ղեկավարները ե՞րբ վերջին անգամ հանդիպած են իրարու հետ: «Անշուշտ առանց Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ միջարաբական միասնականութիւն չկայ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ եթէ արաբական զօրակցութիւն չըլլար, ամերիկեան ուժերը չէին կրնար Իրաք մուտք գործել:

«Իսկ արաբ ղեկավարներուն բացակայութեան պատճառով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերածուեցաւ արաբ ազգային ղեկավարի մը: Բայց եւ այնպէս Էրտողան իր ներքին հարցերը ունի, քաղաքական թէ տնտեսական առումով, ինչպէս նաեւ քրտական հարցին գծով: Իսկ Թուրքիա նշմարեց, որ թէ՛ Եգիպտոսի, թէ՛ Լիպիոյ եւ թէ՛ Թունուզի մէջ իր չափաւորականութեան տարազով ոչ մէկ յաջողութիւն կրցաւ արձանագրել, իսկ դրացի երկիրներուն հետ զերօ խնդիրներու քաղաքականութիւնը վերածուեցաւ անոնց հետ հարցերով լեցուն քաղաքականութեան», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան անհաւանական նկատեց Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վերահաստատումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES