Շփման Գիծի Դիտարկում` Հատրութի Ուղղութեամբ

OSCE4122013ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը երէկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկում կատարեց` Հատրութի ուղղութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական վարչութիւնը փոխանցեց, որ դիտարկումը տեղի ունեցաւ ըստ ժամանակացոյցին եւ զինադադարի դրութեան խախտումներ չարձանագրուեցան:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցեցան արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )