Ազգային Ժողովը Մերժեց Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Կիրարկումը Յետաձգելու Առաջարկը

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ դէմ քուէարկեց (46 թեր, 54 դէմ, 0 ձեռնպահ) կենսաթոշակային պարտադիր կուտակային համակարգի կիրարկումը մէկ տարիով յետաձգելու առաջարկ-նախագիծին:
Քուէարկութենէն առաջ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան յայտարարեց, որ իշխող համաձայնական կառավարութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:
Պարտադիր կուտակային համակարգին` յունուար 2014-էն նախատեսուող կիրարկումը մէկ տարիով յետաձգելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին ոչ իշխանական խմբակցութիւնները, որոնց պատգամաւորները երէկուան քուէարկութենէն ետք դուրս ելան Ազգային ժողովի շէնքէն` հանդիպելու դուրսը կատարուող բազմամարդ ցոյցի մասնակիցներուն հետ:
Խորհրդարանական մեծամասնութեան քայլին ցուցարարները արձագանգեցին «Ամօթ» բացագանչելով, սուլոցներով:
Խորհրդարանական ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միանալէն ետք ցոյցի մասնակիցները քալեցին դէպի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակ` անոր կոչ ուղղելու այս հարցով դիմելու Սահմանադրական դատարան:
Ցուցարարները յայտարարեցին, որ կը պատրաստուին նաեւ մեծ հանրահաւաք կատարելու:
Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Հրանդ Բագրատեան առաջարկեց Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մէկ-երկու հոգի Չիլի գործուղել եւ տեսնել, որ այսպիսի համակարգ չկայ այնտեղ, ինչպէս կը պնդէ իշխող կուսակցութիւնը:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան, անդրադառնալով Բագրատեանի առաջարկին, խորհուրդ տուաւ աւելի կարճատեւ գործուղում Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան համար: «Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը կ՛ըսէ, որ լրագրողներուն պիտի բացատրէ, թէ ինչո՛ւ դէմ կը քուէարկեն: Կ՛առաջարկեմ, որ Գալուստ Սահակեան փողոց իջնէ եւ ցուցարարներուն բացատրէ, թէ ինչո՛ւ դէմ քուէարկեցին: Ձեր քուէարկութեան տրամաբանութիւնը ժողովուրդին բացատրեցէք», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:

