«ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ». 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ. ԱԽՈՅԵԱՆ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱԿԻՑԸ` ՈՒԵՍԹ ՊՐՈՄՈՒԻՉ ԱԼՊԻԸՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտ «Փրեմիեր Լիկ»ի 2011-2012 տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 13 օգոստոսին` հիւրը ըլլալով Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի:
Իր կարգին, փոխախոյեան Չելսի իր մրցումը պիտի կատարէ օտար դաշտի վրայ` հիւրը ըլլալով Էֆ. Էյ. Քափի մրցաշարքի աւարտականին հասած Սթոք Սիթիի:
Նոր «Փրեմիեր լիկ» բարձրացած Սուանզի քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի 3-րդ հանդիսացած Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, որ առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Իր կարգին, Արսենալ քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ այցելէ Նիւքեսըլի դաշտը:
CATEGORIES Մարզական