«ՖՐԱՆՍԱ ԵՒՐՕ-2016-Ը ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ 11 ԴԱՇՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ» ԸՍԱՒ ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.Ն

Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսայի արտօնութիւն տրուեցաւ, որպէսզի անիկա Եւրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալէ 11 դաշտերու վրայ եւ ոչ թէ նախապէս յայտարարուած 9 դաշտերու վրայ:

Նկատի առնուած երկու նոր դաշտերը պիտի ըլլան Թուլուզի եւ Սենթ Էթիենի դաշտերը, որոնք կու գան միանալու Սթատ տը Ֆրանսի, Փարք տը Փրենսի, Նանսիի, Լիլի, Լիոնի, Մարսէյի, Լանսի, Պորտոյի եւ Նիսի դաշտերուն:

Իր խօսքին մէջ Փլաթինի ըսաւ. «Բնականաբար, այդ 11 դաշտերն ալ նկատի պիտի չառնուին: Վստահ ենք, որ անոնց թիւը կրնայ 11-էն 9-ի նուազիլ: Սակայն ատիկա ալ կարելի է նկատել լաւ, քան անոնց թիւին 9-էն 7-ի նուազիլը»:

 

Share this Article
CATEGORIES