ԷԹՈՒ ԿԸ ՄՏԱԴՐԷ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԸ
Իտալական մամուլին համաձայն, քամերունցի միջազգային յառաջապահ Սամուէլ Էթու իր հայրենիքին մէջ տեղական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ կը մտադրէ Ինթեր Միլանը լքելով մաս կազմել անգլիական կազմի մը:
30 տարեկան Էթու, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ունի ստորագրուած իր ակումբին` Միլանի հետ, կ՛ըսէ, որ այս գաղափարը ինք ունէր ժամանակէ մը ի վեր, սակայն կ՛ուզէր ճիշդ որոշում մը տալ, թէ ո՛ր յարմար ակումբին մաս պիտի կազմէ:
Ինթերէն անոր հեռացման մասին քայլը աւելիով սկսաւ մարզիկին մօտ լրջանալ, երբ մարզիչ Լէոնարտօ պաշտօնազրկուեցաւ եւ հոլանտացի փլէյմէյքըր Ուեսլի Շնայտըր յայտարարեց, որ շատ հաւանական է, որ ինք եւս մեկնի Ինթեր Միլանէն:
CATEGORIES Մարզական