ԱՒԵՏԻՔ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ՈՒԼԻՍԻ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Ուլիս յայտնեց, որ իր կազմին միացուց Իմփուլս Դիլիջանի նախկին խմբապետ Աւետիք Կիրակոսեանը:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Միքայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (13-րդ հանգրուան) իրաւունք չունէր մասնակցելու` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ մարզիկներու փոխանցումները կը սկսին 20 յունիսին:

Ուլիսի նախագահ Սլաւա Սարգսեան ըսաւ, որ Կիրակոսեան մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:

Ուլիսի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Իմփուլսի նախկին մարզիկ Միհայիլ Սիմոնեան, որ նախապէս մաս կազմած է Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին, այժմ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ խումբին հետ:

Share this Article
CATEGORIES