ՍՏԵՓԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆ
Նախորդ գարնան լեհական Օքս-1945 խումբին միացած Միքա Երեւանի նախկին ֆութպոլիստ Ստեփան Յակոբեան նախորդ շաբաթավերջին վերադարձաւ Երեւան:
Երեւան իր վերադարձէն ետք Յակոբեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, որ երեք ամսուան իր ստորագրած պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ լեհական խումբին հետ, ինք դարձաւ ազատ մարզիկ, հետեւաբար` որոշեց վերադառնալ հայրենիք:
Նշենք, որ Լեհաստան հասնելէն անմիջապէս ետք, հայ ֆութպոլիստը ծանր վնասուածք ստանալով շուրջ երկու ամիս ապաքինման կարիք ունեցաւ:
Յակոբեան ըսաւ, որ այժմ պիտի մարզուի առանձին` սպասելով իրեն ներկայանալիք նոր առաջարկի մը:
CATEGORIES Մարզական