Մահմետականացուած Հայերը Իրենց Մայրենի Լեզուն Կը Սորվին
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Թարաֆ» թերթի ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2013-ի թիւին մէջ Ռամազան Թուրանթայլաք հրատարակած է թղթակցութիւն մը, ուր կը պատմուի, որ մահմետականացուած հայերը հիմա կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, այսինքն հայերէն կը սորվին: Անոնք մայրենի լեզուն կը սորվին Տիգրանակերտի մէջ բացուած հայերէնի դասընթացքի շնորհիւ: Դասընթացքը բացուած էր անցեալ տարի ու 66 աշակերտներ, գրեթէ բոլորն ալ մահմետականացուած հայեր, հայերէն սորվեցան: Դասընթացքը կ՛ընթանայ երկու անգամ, երեք ամսուան դասաւանդութենէ:
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղայիններէն Կաֆուր Թիւրքայ, որ նմանապէս դասընթացքին հետեւողներէն մէկն է, ըսաւ, որ դասընթացքի հետեւողներուն գրեթէ բոլորն ալ անձեր են, որոնք յետոյ իմացած են իրենց հայկական ինքնութեան մասին: Ասոնց միջեւ կան տանտիկիններ, պաշտօնեաներ, գործաւորներ, աշակերտներ, բժիշկներ եւ այլն: Կաֆուր Թուրքայ ինքն ալ մասնակցեցաւ դասընթացքին` իրեն հետ տանելով նաեւ իր երկու զաւակները: Պատմեց, որ իր հայրը որպէս սիւննի մահմետական հաժ գացած էր ուխտագնացութեան, ինք ալ մահմետական աւանդութիւններով մեծցած էր, իրենց հայերէն մականունն էր Օհանեան, 16 տարեկանին էր, որ անդրադարձած էր որ հայ էր, եւ ան հիմա ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «սիւննի մահմետական հայ»:
Կաֆուր Թիւրքայ կ՛ըսէ.
«Զանազան պատճառներով մեր լեզուն չկրցանք սորվիլ, բայց միշտ ունէինք սորվելու փափաք: Անգամ մը այս նիւթը բացինք Տիգրանակերտի քաղաքապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշին, եւ ան ալ ըսաւ, որ իրենց ծրագրին մէջ կայ դասընթացք հաստատելու ծրագիր մը: Ընդունեց եւ դասընթացքը հաստատուեցաւ: Ինք ալ, իր զաւակներն ալ մեծ յուզում զգացին, երբ սկսան սորվիլ իրենց մայրենի լեզուն: Ես հայ եմ, բայց իմ ժողովուրդի աւանդութիւններն ու մշակոյթը չկրցայ ապրիլ, կ՛ըսէ ան: Երեք սերունդ վերջ ահաւասիկ սորվելու առիթը կ՛ունենանք, ու ասիկա մեծ երջանկութիւն մըն է:
Թղթակցութեան մէջ կը կարդանք, որ դասաւանդութիւնը կը կատարուի հայ համայնքին կողմէ նշանակուած ուսուցչի մը միջոցով, որուն անունն է Ֆիքրի Չալըշ:
Տիգրանակերտի քաղաքապետն ալ այս առթիւ կ՛ըսէ, որ իրենք ժողովրդավարութեան կը հաւատան ու կը մտածեն, որ բազմալեզու քաղաքականութիւն պէտք է մշակեն: Ասիկա միայն հայերէնի համար չէ, բոլոր միւս լեզուներուն համար ալ նոյնն է, ինչպէս` լազերու, չերքեզներու, ասորիներու, արաբներու եւ նմանօրինակ լեզուներու:
Թղթակցութեան մէջ հրատարակուած է դասընթացքը աւարտող 67 անձերու խմբանկարը, որուն մէջ բոլորն ալ հպարտօրէն ցոյց կու տան իրենց ստացած վկայագիրը:

