«Երիտասարդութիւնը Պէ՛տք Է Ըլլայ Մեր Ներկան, Որ Նաեւ Պիտի Ճշդէ Մեր Գաղութի Ապագան» Ըսաւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան

Hagop-Khatcherian5122013Հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութիւնը 123 տարեկան է:

Թշնամիներու կողմէ «խռովարար» կոչուած, իսկ ժողովուրդին կողմէ` «ֆետայի»:

Հակառակորդներուն կողմէ «մաուզերիստ», իսկ ժողովուրդին համար` «անկեղծ զինուոր»:

Հայ ժողովուրդը հարուածողներուն համար «ահաբեկիչ», իսկ հայութեան համար` «ազատամարտիկ»:

Ժողովուրդի կոչումներուն արժանացած անկեղծ զինուորներու, ջան ֆետայիներու, հերոս ազատամարտիկներու այս կուսակցութեան յոբելեանին, 50 նորագիրներ տալով իրենց դաշնակցականի երդումը` այսօր միացան 123-ամեայ կուսակցութեան շարքերուն, ուխտելով ծառայել երկա՜ր ժամանակ:

ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը կը տօնակատարէ աւանդութիւն դարձած Դաշնակցութեան օրը:

Օր, որ ընդհանրապէս կը հասկցուի իբրեւ «հաշուետուութեան օր»` ներկայացնելու իրագործուածն ու այն, որ չյաջողեցանք իրագործել: Ժողովուրդին հանդէպ Դաշնակցութեան իրականացուցած գործերը, յաջողութիւններն ու դժուարութիւները ներկայացնելու օր:

Դաշնակցութիւնը հաւատացած է ու կը շարունակէ հաւատալ ժողովուրդին դատողութեան: Կը գիտակցի, որ ժողովուրդը շատ արագ բնազդով կը կշռադատէ ճիշդն ու սխալը, օգտակարն ու վնասակարը, ազգօգուտն ու ազգավնասը:

Մեր պարտականութիւնն է մեր ժողովուրդին զարկերակին հետեւիլը, անոր դժուարութիւնները իմանալը, անոր ապրած պայմաններուն մասին ճիշդ գնահատական տալը, բայց նաեւ ժողովուրդին հետ կապուած ապագայի խնդիրները տեսնելը եւ հեռանկարային կերպով աշխատիլը:

Սահմանուած աւանդութեան համաձայն, հաշուետուութեան կարգով պէտք է խօսիլ Դաշնակցութեան վարած քաղաքական, ներազգային, երիտասարդական եւ ընկերային ու յարակից մարզերու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն մասին: Այս տեղեկագրումը հասկնալի պատճառներով չի կրնար ամբողջական ըլլալ, այլ մեր համակիր զանգուածին կը փոխանցէ այն հիմնական առաջադրանքներն ու խնդիրները, որոնք Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան օրակարգի վրայ են, եւ որոնց լուծման համար Կեդրոնական կոմիտէն գործունէութիւն մշակած է:

Որոշ ժամանակ միաբեւեռ ուղղութեամբ ընթացող աշխարհակարգի պայմանները այսօր փոփոխութեան կ՛ենթարկուին շատ արագօրէն: Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջ տարուող համաշխարհային միակեդրոն համակարգը հիմնովին ձախողած է` տեղի տալով քաղաքական եւ ֆինանսական լուրջ տագնապներու աշխարհի տարբեր երկիրներու, մէջ:

Տնտեսական խոր ճգնաժամի լուծման բացակայութիւնը տեղի տուած է մտահոգիչ անորոշութեան, որուն զուգահեռ կը զարգանան նաեւ քաղաքական անհամաձայնութիւնները, Միջին Արեւելքի մէջ կիրարկուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհաքաղաքական պայքարներն ու պատերազմական վիճակները:

Ու թէեւ Իրանի հետ Արեւմուտքի կնքած ժամանակաւոր համաձայնութիւնը շրջանին մէջ վերահաշուարկներու եւ վերադասաւորումներու մասին կը խօսի, այսուհանդերձ խոր ճգնաժամը տակաւին կը շարունակէ տիրել ամէնուրեք եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ:

Շրջանային եւ լիբանանեան բաւական բարդ եւ անորոշ պայմաններու մէջ կը շարունակէ գործել ընդհանրապէս քաղաքական դաշտը: Ականուած ինքնաշարժներու պայթումը սեւ յիշատակներ արթնցուցած է լիբանանցի ժողովուրդին մօտ, որ պատերազմի արհաւիրքին վերադարձը տեսաւ անմեղ զոհերու, կոյր ռմբահարումներու երեւոյթներուն մէջ: Հիւսիսային Լիբանանին մէջ անվերջ կրկնուող, մերթ ընդ մերթ դադար առնող լարուած եւ բախումնային վիճակը կը շարունակէ  մթագնել արդէն իսկ անորոշութեան մատնուած երկրի կառավարման համակարգը: Մինչ ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները  կը յամենան տիրել, լիբանանցի քաղաքացիին առջեւ մերժելով բանալ` յոյսի դռները:

Նոր կառավարութեան կազմութեան ուշացումը եւ գործող, բայց հրաժարեալ կառավարութեան ընթացիկ գործեր վարելու ներկայ իրավիճակը կը պարտաւորեցնեն մեզ լիբանանեան բոլոր կողմերուն անխտիր յիշեցնելու Դաշնակցութեան տասնամեակներէ ի վեր որդեգրած քաղաքական ուղեգիծի հիմնական պատգամները: Այս երկիրը պէ՛տք է շարունակէ պահպանել միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքն ու անոր վրայ հիմնուած պետական եւ հասարակական համակարգը: Բացառել բռնամիջոցը, մերժել ներլիբանանեան բախումները եւ միայն քաղաքական երկխօսութեամբ լուծել հարցերը:

Այսպէ՛ս էր մեր դիրքորոշումը ամբողջ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին: Շատեր օրին չհասկցան դրական չէզոքութեան մեր կեցուածքը, որուն պահպանման համար նահատակներ տուաւ մեր գաղութը: Անոնք հետագային միայն հասկցան պատերազմի ընտրանքին մերժումը, համայնքին հարցերու որոշման կեդրոնը անկախ պահելու մեր անտեղիտալի սկզբունքը եւ Լիբանան երկրին համար բոլո՜ր համայնքներուն, բոլո՜ր հոսանքներուն եւ բոլո՜ր ուժերուն միջեւ կամուրջի դեր վերցնելու մեր ինքնակամ որոշումը:

Այսօր, երբ քաղաքական բաժանում կայ լիբանանեան դաշտին մէջ, երբ կողմեր ճամբարներ նուազագոյն առիթին կը խզեն կապեր, կ՛ամբաստանեն զիրար, կը մերժեն երկխօսութեան սեղան նստիլ եւ քաղաքական որեւէ բանակցութեան սկսելու համար նախապայմաններ կ՛արծարծեն, մեր մօտեցումը կը մնայ նո՛յնը: Երկխօսութիւնն է միակ ընտրանքը: Այո՛. քաղաքական օրակարգերու շուրջ համաձայնութիւնը, քաղաքակիրթ բանակցութիւնը, փոխզիջումի տրամադրութիւններու դրսեւորումը եւ մանաւանդ բոլոր համայնքներուն իրաւունքները լիարժէք յարգելու մօտեցումով, շրջանցումներու, անտեսումներու եւ իրաւազրկումներու մերժումով:

Ա՛յս հաւաքական քաղաքական գիտակցութիւնն է, որ կը յաջողի Լիբանանը դուրս բերել ներկայ իր անորոշութենէն:

Պետական հաստատութիւնները, ըստ սահմանադրութեան, անյապաղ պէտք է կազմուին, ուր բոլոր համայնքները իրենք զիրենք իրողապէս ներկայացուած պիտի տեսնեն, ուր, հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն, պիտի աշխատին պետական մեքենաները, պիտի գործեն օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները:

Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծի անշեղ պահպանումը նպատակադրած է գերադասել համայնքի անվտանգութիւնը եւ անոր համար չներքաշուիլ լիբանանեան կողմերու անվերջանալի քաշքշուքներուն, համայնքներու միջեւ անդադար կրկնուող վէճերուն, խզումներուն եւ բախումնային վիճակներուն մէջ:

Այս ուղեգիծը համագաղութային տարազ պէտք է ստանայ: Եւ այստեղ է, որ ո՛չ միայն համազգային խնդիրներու եւ անոնց ստեղծած անմիջական հրամայականներուն շուրջ պիտի ձեւաւորուի համագաղութային աշխատանքի ենթահողը, այլ նաեւ` լիբանանեան  քաղաքական կեանքին:

Մէկ յստակ պայմանով սակայն, որ հայկական բոլոր քաղաքական եւ միութենական շրջանակներու որոշման կեդրոնները պիտի պահեն իրենց անկախութիւնը` որոշում կայացնելու իրենց հայկական իրաւունքը զիջելով ոչ ոքի:

Միայն հայկական ենթահողի վրայ կայացած եւ անկէ բխած որոշումն է, որ կրնայ յաջողիլ ձեւաւորել եւ կայացնել մեր միասնականութիւնը, որուն անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի այսօր սուր կերպով:

Արտաքին բոլոր ուժերը չեն, որ կ՛առաջադրեն Լիբանանի ընդհանուր շահերը: Մայրիներու երկրին մէջ աշխուժացած են այս երկիրը նախապէս գրաւած, ժողովուրդը սովամահութեան եզրին հասցուցած, քաղաքական գործիչները կախաղան բարձրացուցած եւ եղեռական տեսարաններ հրամցուցած օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդները: Անոնք  չեն  վարանիր յայտարարելու, որ նոր օսմանականութիւն հաստատողներն են շրջանին մէջ:

Լիբանանեան կողմերը տակաւին ակնկալուած զգօնութիւնը չեն ցուցաբերեր նոր օսմանականներու այս աշխուժացումին հանդէպ:

Յայտարարուած թեմաները կը թուին, թէ քաղաքական չեն: Մշակութային եւ կրթական կեդրոններ, դպրոցներու վերանորոգումներ, դարմանատուներու բացումներ, խաղաղապահ զօրքեր եւ տակաւին համալսարաններու հետ կապեր, համաձայնութիւններ, փոխադարձ այցելութիւններ, տարբեր մարզերու վերաբերեալ միջպետական համաձայնագիրներու կնքումներ: Անգարան վերջին շրջանին մեծ թափով կը մտնէր Պէյրութի բարձր դռներէն եւ կը փաստէր իր ներկայութիւնը:

Պէտք է յիշել, թէ մերձեցումի այս թափը ի՛նչ տարողութեամբ կ՛իրականանար հարեւան Սուրիոյ հետ: Եւ պէտք է յիշել անշուշտ, որ արտակարգ այդ մերձեցումը որքան սուղ արժեց Սուրիոյ:

Թուրքիոյ թափանցումի այս եղանակները անհրաժեշտ է, որ սթափեցնեն լիբանանեան բոլոր կողմերը:

Արաբական աշխարհի համակրանքը շահելու թրքական թատրոնին արարները վերջացած են, եւ շուտով վարագոյրը կ՛իջնէ այդ բեմահարթակին վրայ: Թուրքիան լաւապէս գիտակցած է այս իրողութեան. զգացած, որ իր շահերը վտանգուած են այս երկրին մէջ եւ եզրակացուցած է արդէն, որ նոյն համակրանքն ու նոյն վերաբերումը չ՛ակնկալեր Լիբանանի մէջ գործող որոշիչ ուժերէն:

Այս իմաստով ալ պէտք է տեսնել թրքական զօրքերու հեռացումը հարաւային Լիբանանէն կամ թրքական մշակութային եւ կրթական գրասենեակներու փակումը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:

Թրքական գործօնի ժամանակաւոր այս նահանջը սակայն չ՛ենթադրեր թրքական աշխուժութեան ընդմիշտ չէզոքացում: Մենք պարտաւոր ենք աչալուրջ հսկելու մեր թշնամիի վարած քաղաքականութեան բոլոր դրսեւորուներուն եւ մանաւանդ այդ զգօնութիւնը լիբանանեան բոլոր կողմերուն մօտ վառ պահելու համար անվերջ աշխատանք տանելու:

Որոշ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ մեր միւս հակառակորդը եւս: Սուրիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան փակումէն ետք Ազրպէյճանի դեսպանը մնայուն կերպով հաստատուած է Պէյրութ, եւ անոր ներկայացուցիչը լիբանանեան զանազան կողմերուն հետ  հանդիպումներ կ՛ունենայ: Եւ եթէ ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը չ՛երեւիր հակառակորդին աշխատանքներուն մէջ` տրուած ըլլալով, որ Լիբանանը միակ արաբական պետութիւնն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա կրօնական հանգամանքի օգտագործումով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները աշխատանք կը տանին խեղաթիւրելու Արցախեան հարցի ներկայացումը Լիբանանի մէջ:

Եւ պէտք է խոստովանիլ այստեղ, որ մեր անմիջականութեան մէջ թշնամիին ծաւալած գործունէութեան դիմաց համարժէք չէր եւ տակաւին չէ մեր հակազդեցութիւնն ու հակադարձութիւնը: Կորսնցուցած ենք Թուրքիոյ Լիբանան թափանցումի դէմ մղուելիք մարտը:

Հետեւելու, վերլուծելու եւ քարոզչական ու քաղաքական գործողութիւններ կազմակերպելու հարկադրանքին առջեւ ենք իբրեւ գաղութ. ատոր համար ալ պէտք է արհեստավարժ մակարդակի վրայ պատրաստուինք, որպէսզի չկորսնցնենք ճակատամարտը:

Քաղաքական այս բարդ կացութեան եւ թրքական գործօնի աշխուժացման այս մթնոլորտին մէջ մեր գաղութը կը նախապատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Գաղութ, որ հիմնականին մէջ կազմուած է Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք եւ սփիւռքահայութեան քաղաքականացման, Հայ դատի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն տուած է իր առաւելագոյնը: Տուած է նահատակներ` արեան գինով առաջադրելու համար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:

Հարիւրամեակին առիթով ազգովին արդէն հետզհետէ կը նախապատրաստուինք թեւակոխելու ճանաչումէն դէպի հատուցման պահանջատիրական հանգրուանը: Հայ դատի աշխատանքներուն իր անգնահատելի նպաստը բերած լիբանանահայութիւնը անպայմա՛ն այս հանգրուանին եւս ունի իր որոշադրիչ դերակատարութիւնը:

Կեդրոնական կոմիտէն իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի քաղաքական, միութենական եւ յարանուանական բոլոր շրջանակները ընդգրկող 100-ամեակի մարմինի աշխատանքներուն: Լիբանանահայութիւնը ներկայացնող այս մարմինի գործունէութիւնը մենք կ՛ընկալենք իբրեւ մեր համազգային կարեւորագոյն խնդրին շուրջ համախումբ աշխատող կառոյց, որ իր աշխատանքով, հանդիպումներով, ծրագիրներով եւ Հայաստանի պետական յանձնաժողովին հետ իրականացուցած իր գործակցութեամբ գաղութը կը նախապատրաստէ արժանաւոր ձեւով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Ազգային-քաղաքական այս առաջադրանքներու իրագործման համար երիտասարդութեան վերաբերող մեր աշխատանքները բոլոր ժամանակներէն աւելի առաջնահերթութեան հանգամանք ստանալու անհրաժեշտութեան առջեւ են:

Այո՛. միջազգային, նոյնիսկ համաշխարհային մակարդակի վրայ այսօր տագնապ գոյութիւն ունի յատկապէս երիտասարդութեան վերաբերեալ: Ընդհանուր վիճակը երիտասարդութեան գաղափարականէ հեռացում է, արժէքներու փոփոխութիւն, դէպի մակերեսայինի եւ դիւրինի, հաճելիի թեքում:

Հայ երիտասարդը իրաւունք չունի՛ հոսանքին հետ երթալու:

100-ամեակի սեմին գտնուող հայ երիտասարդը Դա՛տ ունի ստանձնած իբրեւ յանձնառութիւն եւ այդ Դատի կենսագործման համար իրաւունքը չունի իր դաւանած արժէքներէն հեռանալու:

Համահայկական առաջադրանքներու եւ արժէքներու շուրջ մեր երիտասարդութիւնը համախմբելու հրամայական կայ այսօր:

Բայց միշտ չէ, որ երիտասարդութեան պէտք է ըսել ինչ ընել. միշտ չէ, որ հասուն տարիքի խաւն է, որ երիտասարդութեան փոխարէն պիտի ծրագրէ այն, ինչ որ երիտասարդութիւնը պէտք է ընէ:

Երիտասարդութիւնը ինքզինք կազմակերպելու խնդիր ունի: Երիտասարդութիւնն է, որ գաղութային հարցերուն մէջ իր ըսելիքը պիտի փնտռէ եւ ապա անցնի գործի` դեր վերցնելով մեր հաւաքական կազմակերպ կեանքին մէջ:

Երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ: Երիտասարդութիւնը պէ՛տք է ըլլայ մեր ներկան, որ նաեւ պիտի ճշդէ մեր գաղութի ապագան:

Երիտասարդացումը, կրթական, մշակութային, մարզական բնագաւառներու մէջ երիտասարդ տարրի ոչ թէ ներգրաւումը, այլ ուղղակի ղեկավարումը անոր կողմէ բացարձակ անհրաժեշտութիւն  է այսօր: Բայց որպէսզի այդ բոլորը առողջ ձեւով կայանան, երիտասարդութիւնը պէտք է ինքզինք պատրաստէ գաղափարականապէս: Գաղափարական պատրաստութիւնը, միջազգային իրադարձութիւններուն ծանօթացումը, հակառակորդներու աշխուժ գործունէութեան հետեւիլը, բայց նաեւ գաղութային խնդիրներուն նոր ձեւերով լուծումներ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը պէտք է մարմին ստանան երիտասարդութեան կողմէ:

Միայն առողջ միջավայրի ձեւաւորումը, երիտասարդութեան համախմբման վայրերու տրամադրումը եւ հասարակական գործունէութեան ծաւալումն է, որ երիտասարդութիւնը կը յաջողի հեռու պահել յոռի բարքերէ, ապազգայնացումէ, օտարին յանձնուելու գործընթացներէ:

Եւ կը գիտակցինք անշուշտ, որ առողջ, կրթուած եւ ուսեալ երիտասարդութեան պատրաստութեան համար հայ ընտանիքին, հայ եկեղեցիին եւ հայկական ակումբին կողքին հայ դպրոցն է այն ամուր միջնաբերդը, ուր ջամբուած հայեցի դաստիարակութեան շնորհիւ մենք պիտի ունենաք վաղուան այն երիտասարդը, որ պիտի գայ ստանձնելու հայ կեանքի ղեկավարման այս կամ այն ոլորտը:

Դպրոցաշինութեան ծրագիրները կեանքի կոչուած են արդէն` արդի պայմաններով դպրոցական միջավայրեր ունենալու նպատակով: Նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է նման դպրոցական համալիրներու բովանդակութիւնը. ուսում ջամբելու կամ դպրոցավարութիւնը ստանձնելու համապատասխան մարդուժի պատրաստութիւնը: Այս բոլորն են, որոնք պիտի նպաստեն լիբանանահայ երիտասարդութեան կազմաւորման շատ կենսական աշխատանքին:

Երիտասարդութիւն մը, որ անպայման յաջողի նաեւ գաղութին եւ հայրենիքին միջեւ ամրակուռ կամուրջներ կառուցել, որպէսզի լիբանանահայը շնչէ, ստեղծագործէ եւ աշխատի հայրենիքին համար:

Գիտակից ենք, որ այս օրերուն ամէնէն շատ ընկերային տնտեսական խնդիրներն են, որ կը յուզեն մեր գաղութը: Երկրին մէջ արձանագրուող սղաճը, եկամուտներու սահմանափակ ըլլալը, այդ պատճառով քանի մը գործ աշխատելու երեւոյթը դժուարացուցած են մեր ընտանիքներուն ապրուստ հոգալու պարտականութիւնը:

Ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու եւ ծառայութիւնները համակարգային ձեւով կազմակերպելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք: Ընկերային օժանդակութիւններ, կրթական ֆոնտեր, հիւանդանոցային բուժումներ, դեղօրայք եւ տակաւին այս մարզին մէջ շատ ու շատ կարիքներ յառաջացուցած են հրամայականը` այս բոլորին կարելի եղած չափով ընդառաջելու նպատակով համապատասխան մեքենաներ գործի լծելու:

Առաւել եւս սուր կերպով կը զգացուի այս անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն ժամանակաւոր կեցութիւնը Լիբանան, այս աշխատանքի համապարփակ եւ արագ վերակազմակերպումը կ՛ընդգծէ: Մեր կառոյցներուն կից կը գործէ արդէն սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն համապատասխան օժադակութիւններ տրամադրելու միջբարեսիրական  համակարգումը: Յառաջիկային կ՛ակնկալուի յաւելեալ միջոցներ  եւ կարելիութիւններ ստեղծելու հնարաւորութիւններու որդեգրումը:

Լիբանանահայ գաղութի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական  խնդիրները կապակցուած շղթայի օղակներ են: Երբ սահմանափակ է եկամուտը, վտանգուած է ուսում ստանալու հնարաւորութիւնը, երբ նեղ են արժանապատիւ աշխատավարձով գործ ապահովելու կարելիութիւնները լայն են դէպի դուրս առաջնորդուելու դռները,  երբ անգործութեան պատճառով անկում արձանագրած է բարոյահոգեբանական վիճակը, կ՛աշխուժանայ ինքնամխիթարուելու խաբուսիկ ձեւերու փնտռտուքը:

Այս բոլորին մէջ կ՛ազդուի հայ ընտանիքը:

Յոռի բարքերը, այսօր սկսած են շարժել հայ ընտանիքին սիւները: Հայ ընտանիքը, հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ համախումբ կեանքին չափ եւ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ մեր սերունդներու դաստիարակութեան առաջին կարեւոր հանգրուանն է եւ այդ հանգրուանի առողջ մնալը անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ հայ մարդու կազմաւորման  համար:

Ընկերային եւ տնտեսական ոչ յուսադրող պատճառներուն վրայ հորիզոնը առաւել եւս կը մթագնէ  ծայրայեղ կրօնականութեան տակ արմատաւորուող խմբակցութիւններու անհանդուրժողական գործունէութիւնը, որ  ուղղակի թէ անուղղակի իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ընդհանրապէս լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս քրիստոնեայ տարրին հոգեբանութեան վրայ:

Այսօր զգալի են Միջին արեւելքի շրջաններէն արտագաղթի մղումները: Մենք կը  հաւատանք, որ միջին արեւելեան գաղութները կը շարունակեն պահել իրենց ռազմավարական նշանակութիւնը` իբրեւ մեր հայրենիքին սահմանամերձ շրջաններ: Իսկ եթէ անյաղթահարելի պատճառներով մեր կարգ մը հայրենակիցներուն քայլերը պիտի ուղղուին դէպի դուրս, մենք համոզուած ենք, որ նման տեղաշարժ մը ծրագրուած ձեւով պէտք է հունաւորել դէպի հայրենիք, արտագաղթը վերածելով ներգաղթի:

Այս դժուարութիւները խոչընդոտ չեն անշուշտ, որ մենք աւելիով փարինք կազմակերպական աշխատանքին: Ժողովրդային ծառայութիւններու ցանցերու ստեղծումն ու համակարգումի աշխատանքները մշակուած ծրագիրներ են արդէն Կեդրոնական կոմիտէին համար: Անոնց զուգահեռ երիտասարդները համախմբելու կոչուած երիտասարդական կեդրոններու ստեղծումը շատ կարեւոր աշխատանքային ուղղութիւն է մեզի համար, իբրեւ ոչ միութենական երիտասարդութիւնը մեր շուրջ համախմբելու անյետաձգելի աշխատանք:

Յաճախ կը խօսուի հայրենիք-սփիւռք համագործակցութիւնը զարգացնելու առաջադրանքներուն մասին: Լիբանանահայութիւնը իր կեդրոնական գաղութի հանգամանքով գաղութներ-հայրենիք գիծին վրայ ամէնէն բանուկ կամուրջին կրնայ վերածուիլ: Դէպի Երկիրը, վերաբնակեցումը կամ հայրենադարձութիւնը ընդհանրապէս տեսական բնոյթէն կամ պարագայականութենէ  դուրս բերելու խնդիր ունինք բոլորս` իբրեւ կուսակցութիւն, իբրեւ ազգային իշխանութիւններ եւ իբրեւ գաղութ հաւաքաբար: Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման թէ Արցախի միջազգային ճանաչումին նպաստող ծրագրուած աշխատանքներու անյապաղ ձեռնարկումը պիտի դառնան մեր ազգային ուղեգիծի հիմնական բաժիններէն:

Գաղութային, ներազգային շատ սուր մարտահրաւէրներ մեզի մտածել կու տան, որ թէ՛ իբրեւ ձեւ, թէ՛ իբրեւ սկզբունք, եւ թէ իբրեւ աշխատանքի եղանակ ու ոճ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ աշխատելու աւանդական  ձեւին վերադարձ պիտի կատարէ:

Հեռու լուսարձակներէ, կարելի եղածին չափ հեռու լրատուական լուսարձակներէ եւ լիբանանեան քաղաքական ֆոլքլորը յատկանշած երթեւեկներէ, Դաշնակցութեան քաղաքական եւ ներազգային գործունէութիւնը այստեղ աւելի պիտի յատկանշուի քննարկումներով, վերլուծումներով, որոնք բոլորն ալ ի վերջոյ ուղղուած պիտի ըլլան համայնքի շահերուն, անվտանգութեան պահպանման եւ շրջանային զարգացումները հայկական դիտանկիւններէ ընկալելու մօտեցումներուն:

Առաջադրանքները շատ են.շատ են նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք այս առաջադրանքներու իրագործման համար կ՛երեւին մեր երկար ճանապարհին վրայ:

Բայց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն վճռակամ տրամադրուած է այս երկարաշունչ աշխատանքին լծուելու, իրեն հետ աշխատանքի լծելու նաեւ իր ուժի անհատնում ամբարը… Մեր համակիր տարրը, միշտ տեղեակ պահելու մեր ժողովուրդը իր կատարած աշխատանքներուն եւ ձեռք ձգած արդիւնքներուն մասին եւ միաժամանակ ձեւեր ստեղծելու` ժողովուրդին հետ հանդիպումներ ունենալու, իմանալու անոնց առաջարկները եւ նկատի ունենալու այն բոլոր մտահոգութիւններն ու խնդիրները, որոնց յաղթահարման համար ճիգ չի խնայեր մեր կուսակցութիւնը:

«Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսը է՛ ու կը շարունակէ մնա՛լ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխատանքին սկզբունքը:

Որպէս ազգին տիրութիւն ընող ծառայ, Դաշնակցութիւնը պատրա՛ստ է յաղթահարելու բոլո՛ր դժուարութիւնները եւ ի գին ամէն զոհողութեան պաշտպանելու ժողովուրդին շահերը:

Այս ուխտին այսօր  միացան 50 նորագիրներ, որոնք  անմահ հերոսներու ու նահատակներու սաւառնող հոգիներու շուքին տակ դրին իրենց աջը Դաշնակցութեան դրօշին ու Ծրագիրին վրայ եւ աւետեցին հայ ժողովուրդին.-

«Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրին, Կանոնագիրին ու որոշումներուն. եւ բոլոր ուժերովս – իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով – ծառայելու Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան Դատին»:

Share this Article
CATEGORIES