Նալբանդեանի, Մամետեարովի Եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հանդիպումը Քիեւի Մէջ
4 դեկտեմբերին Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հանդիպումը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու դռնփակ հանդիպումէն ետք անոնց միացան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` 19 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման շրջագիծին մէջ համանախագահները շարունակեցին նախարարներուն հետ քննարկումները` խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով, միտքեր փոխանակուեցան տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած հաւանական քայլերու վերաբերեալ:
Նախարարները եւ համանախագահները պայմանաւորուեցան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին շարունակել հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ հետագայ քննարկումները: Համանախագահները յայտնեցին այդ նպատակով յառաջիկային շրջան այցելելու իրենց մտադրութիւնը:
Նախարարները ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային ձեւաչափի կարեւորութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց խաղաղ լուծման ուղղուած շարունակական ջանքերուն համար:
Նալբանդեան – Մամետեարով
Յաջորդ Հանդիպումը` 2014-ի Սկիզբը
Երէկ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ յայտարարութեամբ հանդէս եկան ԵԱՀԿ-ի քիեւեան նախարարական հանդիպման ներկայ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլանտ եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու նախարար Թիերի Ռեփենթին:
Այս յայտարարութեան միացան նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, որոնց բանակցութիւնները նախանցեալ օր Քիեւի մէջ տեղի ունեցած էին:
Բարձրաստիճան դիւանագէտներու միացեալ յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Յայտարարութեան հեղինակները համաձայնած են շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար եւ խաղաղ լուծման ուղղուած միացեալ աշխատանքը` իբրեւ հիմք ընդունելով այն արդիւնքները, որոնք արդէն իսկ ձեռք բերուած են: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` 2014 թուականի սկիզբը տեղի ունենալիք հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ բարձր մակարդակի վրայ հետագայ բանակցութիւններու նախապատրաստման: Համանախագահ պետութիւններու ղեկավարները կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու վերջերս վերսկսած բանակցութիւնները եւ յոյս կը յայտնեն, որ յառաջիկայ հանդիպումները նպաստեն լուծման հոլովոյթի հետագայ յառաջընթացին»:
Համանախագահ պետութիւններու ներկայացուցիչները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն հակամարտող կողմերուն քննարկելու այն գործողութիւնները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նուազեցնել շրջանին մէջ առկայ լարուածութիւնը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու դիրքորոշման մասին քիեւեան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Նախարարները նշեցին, որ շրջանի բնակչութիւնը կ՛ակնկալէ եւ արժանի է, որ լուծման հոլովոյթին մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուի: Այս հոլովոյթը շատ ձգձգուած է»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ Քիեւի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազրպէյճան յոյսով է, որ տագնապներու լուծման եւ սպառազինութիւններու վերահսկման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի ջանքերը մօտ ապագային յաջողութիւն կ՛ունենան:
Մամետեարով ընդգծեց, որ շրջանային կայունութեան կարելի չէ հասնիլ առանց ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ առկայ տագնապներու լուծման եւ քաղաքական երկխօսութեան:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան կը հաւատայ, որ հիմնական սկզբունքները, ինչպէս անոնք արտայայտուած են 2009 թուականին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու միւս յայտարարութիւններուն մէջ, կրնան բանակցութիւններու եւ խաղաղ հոլովոյթի հիմք հանդիսանալ:
Մամետեարով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ միւս տարածքային վէճերու լուծման ուղղութեամբ իսկական քայլեր ձեռնարկելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք դրսեւորել:
Ռուսիա Կը Շարունակէ Աջակցիլ
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերու
Դիրքորոշումներու Մերձեցման
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Քիեւի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ յայտնած է, որ Ռուսիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերու մերձեցման հիման վրայ դիրքորոշումներու հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք առաջարկուած են համանախագահող երկիրներու նախագահներուն կողմէ:
Ըստ անոր, Ռուսիա կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ տագնապներու լուծման մեքանիզմ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը:

