Տաւութօղլու Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հարցը

Davutoglu-Mammadyarov5122013Ազրպէյճանական «Սալամնիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակիցին հետ` քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար որդեգրուելիք հետագայ քայլերը:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է Քիեւի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ծիրին մէջ եւ Մամետեարովի` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք:

Մէկ օր առաջ Տաւութօղլու հանդիպած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ անոր հետ քննարկած Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցը:

Share this Article
CATEGORIES