Ազգային Ժողովին Մէջ. Արծուիկ Մինասեան Խօսեցաւ Բժիշկներու Եւ Ուսուցիչներու Արդար Վարձատրութեան Մասին

Ardzvig5122013

Արծուիկ Մինասեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ «Պետական պաշտօնեաներու վարձատրութեան մասին» օրէնքի լրացուցիչ ծրարը: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ կառավարութիւնը չէ ընդունած առաջարկներու հիմնական մասը:

ՀՅԴ խմբակցութիւնը համաձայն է վարձատրութեան միասնական համակարգին, քանի որ երկար տարիներ պայքարած է օրէնքի նախագիծին համար: Խօսքը 36 հազար պետական պաշտօնեաներու մասին է, սակայն, ըստ պատգամաւորին, կարեւոր է, որ հետագային այդ օրէնքը զարգացում ունենայ եւ տարածուի նաեւ հանրային ծառայողներուն վրայ: Կրթական եւ առողջապահական համակարգերը հետագային նոյնպէս պէտք է այդ դաշտը մտնեն:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, կրթական հաստատութիւններուն մէջ, յատկապէս` հանրակրթական դպրոցներուն մէջ վարձատրութեան համակարգը ոչ բնականոն վիճակի մէջ է: Սահմանուած է որոշ ժամանաքանակ ուսուցիչներու համար, անով ուսուցիչներու բեռը աւելցած է, եւ իբրեւ արդիւնք ուսուցիչը կը վճարուի միայն դասարան մտնելու համար, իսկ մնացեալ բեռին համար չի վճարուիր, ինչ որ անարդար մօտեցում է: Պատգամաւորը մատնանշեց նաեւ առողջապահութեան մարզը, ուր նոյնպէս արդար վարձատրութիւն չկայ, ինչ որ կը նշանակէ, որ կարելի չէ որակեալ բժշկութիւն ակնկալել:

Ահա, թէ ինչու պետական քաղաքականութիւնը վարձատրութեան պարագային պէտք է միասնական ըլլայ:

«Կարելի չէ հիւանդանոցի մը մէջ տոքթ.-փրոֆեսէօր վիրաբուժը ստանայ 50 հազար դրամ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը մտածէ ուրեմն` ան լաւ մասնագէտ չէ, որ այդքան կը ստանայ: Բաւարար չէ զայն ըստ արժանւոյն չենք գնահատեր, այսպիսի վարձատրութեամբ կը մղենք այլ գործողութիւններու կամ փտածութեան», ըսաւ ան` անգամ մը եւս կարեւոր նկատելով վարձատրութեան միասնական համակարգը, որ ապագային այսպիսի մասնաւոր համակարգին ցոյց կու տայ ինչպէս վարձատրութիւն իրականացնել:

Այս նիւթի ծիրին մէջ, խօսելով պետական գնումներու ոլորտին մասին, Մինասեան նշեց, որ այդ մարզին մէջ մասնակցութիւն ունեցող որեւէ մասնաւոր կառոյցի սահմանած վարձատրութիւնը պէտք չէ նուազ ըլլայ, քան հանրային ծառայութեան համակարգին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES