Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Lebanon_report-2«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կատարած յայտարարութիւնը, որ կը պաշտպանէր Սէուտական Արաբիան, կը բխի նախագահին այն համոզումէն, որ Ռիատ Լիբանանի մէջ կը նպաստէ երկրին ապահովական կայունութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Իսրայէլն էր Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Հասսան Լաքքիսը սպաննողը: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ինքզինքը կը դիւթէ նախագահական իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով: Ռիֆայի աւելցուց, որ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին նախօրեակին Լիբանանի մէջ պիտի տիրէ խոցելի կացութիւն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւններուն իբրեւ պատասխան նշեցին, որ զիրենք քաղաքական արձակազինութեան թիրախ դարձնելը խիստ մերժելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւնը տրամաբանական չէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա խեղճ է, որովհետեւ ան տակաւին համոզուած է, որ մարդիկ իրեն կը հաւատան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուելիք ազգային միասնականութեան կառավարութեամբ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի զինուորական թեւի պատասխանատուներէն Հասսան Լաքքիսը սպաննողները դուրսէն եկած են Լիբանան` կատարելու համար այդ գործողութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի կառավարութեան` աւելցնելով, որ պահանջուած է, որ Հըզպալլա դուրս գայ Սուրիայէն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ քաղաքական զինադուլի յանգիլ:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատու Հասսան Լաքքիսի սպանութիւնը կարելի է նկատել օրինակ մը` շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ճիգերը ձախողեցնելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ շեշտեց, որ եթէ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով ապահովական այլ ծրագիր մը կայ, ապա թո՛ղ ներկայացուի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պաշտօնական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած ամբաստանութիւնները քաղաքական ամբաստանութիւններ են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատ Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդը կը մղէ Հըզպալլայի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատման կարեւորագոյն միջոցն է Թրիփոլիի ապազինումը:

 

Share this Article
CATEGORIES