«Արեւմուտքը Կովկասի Մէջ Նոր Իրականութիւնը Պէտք Է Ընդունի» Յայտարարեց Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստի աւարտին վերահաստատեց դաշինքին դէպի արեւելք տարածման դէմ Ռուսիոյ կեցուածքը` յայտնելով, որ «ինչ կը վերաբերի ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման, հակառակ Վրաստանի, (Ռուսիա) համոզուած է, որ ատիկա Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի հին ու անշարժ մտայնութեան շարունակութիւն մըն է»` աւելցնելով, որ ատիկա «ոչ միայն կը պահպանէ բաժանման գիծերը, որոնց քանդման բոլորս յանձնառու դարձած ենք, այլ այդ գիծերը դէպի արեւելք փոխադրում մըն է»:

Խօսելով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մասին` Լաւրով ըսաւ, որ «ասիկա Կովկասի մէջ նոր իրականութիւն մըն է եւ այս նոր իրականութիւնը պէտք է ճանչցուի: Ատիկա արդէն իսկ սկսած է (մարդոց) մտքերուն մէջ տեղ գտնել»:

«Այն իրողութիւնը, թէ Ժընեւի մէջ շարք մը քննարկումներու ապահովական ու մարդասիրական հարցերը քննարկելու համար Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի կողքին հաւասար մակարդակի վրայ կը մասնակցին Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան եւ Վրաստանը, կը փաստէ, որ յառաջընթացի համար երկխօսութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

Լաւրով նաեւ ըսաւ, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ ժամանակաւոր համաձայնութիւնը այդ վիճելի թղթածրարին մնայուն լուծում մը գտնելու շուրջ յոյսեր յառաջացուցած է` աւելցնելով, որ այդպիսի լուծում մը կը վերացնէ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանի դրդապատճառը:

Share this Article
CATEGORIES