Քաֆու. «Մեսսին Աշխարհի Լաւագոյն Ֆութպոլիստն Է. Արժանթին Պէտք Է Օգտուի Ատկէ»

cafu_messi5122013Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ա. Սէ. Միլանի նախկին յետսապահ Քաֆու գովասանական խօսքեր ըսած է Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի մասին, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` իր տուած այս լուրը քաղելով հարաւամերիկեան մամուլէն:

«Մեսսին աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստն է եւ իսկական աստղ մը: Եթէ արժանթինցիները կարենան ճիշդ օգտագործել անոր կարողութիւնները, ապա Արժանթին 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսին տիրացող գլխաւոր թեկնածուներէն կրնայ նկատուիլ», կ՛ըսէ Քաֆու:

Share this Article
CATEGORIES