«Աստուած Թող Ներէ Անոր» Ըսաւ Մարուան Շարպել

Marwan Charbel5122013Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել մերժեց անդրադառնալ իր դէմ ուղղուած սպառնական նամակին եւ այդ մասին մեկնաբանութիւններ կատարել. ան իր խօսքը նամակագիրին ուղղելով բաւարարուեցաւ ըսելով. «Աստուած թող ներէ անոր, իսկ մնացեալը ապահովութեան ուժերուն վստահուած է»:

Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրը տակաւին չէ ամբողջացած եւ շատ կարեւոր է, որ Թրիփոլիի բնակիչները ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը ամրապնդեն:

«Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան բոլոր ուժերը ունին մէկ պատասխանատու, որ Լիբանանն է, եւ անոնք կը գործեն առանց խտրութեան», շեշտեց Շարպել:

Share this Article
CATEGORIES