Վ. Սապունճեան Ընդունեց Հարաւային Քորէայի Դեսպանը

Սապունճեան եւ Հարաւային Քորէայի դեսպանը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Ճոնկ Իլ Շուէյնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց լիբանանեան արտադրութիւններուն Քորէա արտածումը բազմապատկելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ կան լիբանանեան բազմաթիւ արտադրութիւններ, որոնք կրնան դէպի Քորէա արտածուիլ:
Նախարար Սապունճեան Շուէյնէն ստացաւ Քորէա այցելութեան հրաւէր մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

