Միքաթի Կը Բաժնէ Ժամերով Փողոցը Մնացած Եւ Իրենց Բնակարանները Ողողած Ջուրերուն Վնասները Կրած Քաղաքացիներուն Ցաւը

Տաուք, Միքաթի եւ Մաքտիսի

Տաուք, Միքաթի եւ Մաքտիսի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Թալալ Մաքտիսիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կայանին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:

Հանդիպումէն ետք Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Միքաթի յայտնած է, թէ ինք կը բաժնէ ժամերով փողոցը մնացած եւ իրենց բնակարանները ողողած ջուրերուն վնասները կրած քաղաքացիներուն ցաւը:

Տաուք յայտնեց, որ Միքաթի երէկ պարզուած պատկերին լոյսին տակ անմիջական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է պատասխանատուներուն եւ կապալառուներուն հետ` լուծելու համար գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ կանխարգիլելու համար հետագային Լիբանանը հարուածելիք ձիւնամրրիկներուն հետեւանքները:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որմէ իմացաւ Թրիփոլիի մէջ արձակազէնի մը փամփուշտին թիրախ դարձած պատանիներուն գծով անոր որդեգրած դատական քայլերուն մանրամասնութիւնները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակեալներու միութեան նախագահ Ալի Ապու Տհըն,

որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց միութեան աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ Միքաթի լրջօրէն կը մտածէ կառավարութեան նիստերուն գումարումը վերսկսելու մասին:

Share this Article
CATEGORIES