Ռոնալտոյին Մինչեւ 10 Դեկտեմբեր Հանգիստի Ժամանակ Տրուած Է
Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախորդ 23 նոյեմբերին վնասուածք մը ստացած էր, թէեւ այժմ ապաքինած է, սակայն անոր մինչեւ 10 դեկտեմբեր հանգիստի ժամանակ տրուած է` ամբողջութեամբ կազդուրուելու համար:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Ռոնալտօ պիտի բացակայի 7 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով Օլիմփիք տը Խաթիվայի դէմ կատարուելիք 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին:
CATEGORIES Մարզական