Կիկզ. «Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզս Ե՞րբ Պիտի Աւարտի, Ես Ալ Տեղեակ Չեմ»
Հակառակ անոր որ այժմ Մանչեսթըր Եունայթըտի վեթերան ֆութպոլիստ Ռայըն Կիկզ թեւակոխեց 30 տարիքը, սակայն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ցարդ չէ որոշած, թէ ե՛րբ պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Ինքզինքս շատ ուրախ կը զգամ, որ մնացած եմ նոյն ակումբին հետ, շրջապատուած` լաւ մարզիկներով եւ մարզիչներով: Կ՛ուզեմ իւրաքանչիւր մրցումի լաւ ներկայացում կատարել եւ շարունակել յաջողութիւններս` խումբին հետ: Ինչ կը վերաբերի ֆութպոլիստի իմ արհետավարժ ասպարէզս աւարտելու հարցին, երբ ժամանակը գայ, ատոր մասին ես ալ պիտի իմանամ», ըսաւ Կիկզ:
Նշենք, որ ան Եունայթըտի հետ 13 անգամ տիրացած է «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսին, չորս անգամ` Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքին, երկու անգամ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ չորս անգամ` լիկայի բաժակի մրցաշարքերու տիտղոսներուն:
CATEGORIES Մարզական

