Արակոնես Լքեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Լուիս Արակոնես, որ Եուրօ-2008-ին Սպանիոյ հետ տիրացաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ կը լքէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ 75 տարեկան Արակոնես ըսած է, թէ իր քիչ մը յառաջացած տարիքին պատճառով այսուհետեւ մարզիչի պաշտօնը չի կրնար կատարել, հետեւաբար ինք կը պատկանի անցեալին:
Նշենք, որ ան արդէն իսկ 2009-էն ի վեր կը մնար առանց ակումբի:
CATEGORIES Մարզական

