«Ժընեւի Համաձայնութիւնը Պիտի Գոյատեւէ, Որովհետեւ Ատիկա Ի Շահ Իրանի Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Ուինտի Շըրմըն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ուինտի Շըրմըն յայտնեց, որ «վերջերս Իրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը պիտի գոյատեւէ, որովհետեւ ատոր գոյատեւումը ի շահ Իրանի է, որ իր դէմ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցներուն մեղմացման կը ձգտի»:
Ան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նշեալ համաձայնութիւնը առաջին քայլ մըն է համապարփակ համաձայնութեան մը ուղղութեամբ, որ իրանցիներուն համար պատժամիջոցներու ջնջում կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ «Իրանի հետ համապարփակ համաձայնութեան մը հասնիլը շատ դժուար պիտի ըլլայ»:
Շըրմըն արդարացուց Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու կատարած գաղտնի բանակցութիւնները` նշելով, որ անոնք նպաստեցին իրանցիներուն հետ երկխօսութեան խորացման: Ան աւելցուց, որ «երկկողմանի գաղտնի երկխօսութեան ընթացքին արծարծուած բոլոր հարցերը քննարկուեցան Ժընեւի մէջ Վեցեակի բանակցութիւններուն ընթացքին»:
Ան նշեց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը Իրանի կատարած իւրանիոմի հարստացումը պիտի չդադրեցնէ, այլ` միայն առկախէ, սակայն կը պահանջէ, որ այդ հարստացումը աւելի քան 5 առ հարիւր չըլլայ, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է, որովհետեւ այդ համեմատութենէն աւելին Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու հոլովոյթը կ՛արագացնէ:

