Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքին մէջ պիտի ծանօթանաք անձի մը, որուն հետ պիտի ունենաք սերտ բարեկամութիւն, որ մնայուն պիտի ըլլայ: Օրը բարի է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործին առնչութեամբ նոր ծրագիրներ պիտի ունենաք: Պիտի կարենաք կատարել նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի յաջողին գոհունակութեամբ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գթասիրտ ու ողորմած եղէք տկար ու լքեալ անձերու նկատմամբ: Օրուան ընթացքին պիտի կարենաք իրագործել արդիւնաւէտ գործունէութիւն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւատես եղէք, ձեր խօսակիցին հետ բարեացակամութեամբ վարուեցէք, որպէսզի ձեր բանակցութիւնը յաջողութիւն ունենայ: Օրը արդիւնաւէտ է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք բազմաթիւ գործեր, հարցեր` կարգադրելիք: Հետեւողական աշխատանք տարէք, որպէսզի ոչինչ մնայ վաղուան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վիպային տրամադրութիւն ունիք, հետեւաբար պիտի կարենաք զայն բացատրել ձեր բարեկամին կամ ձեր սիրած անձին: Համարձակ եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեծ մարտահրաւէր մը կամ դժուարութիւն մը պիտի յաղթահարէք քաջութեամբ: Այսուհանդերձ, դաս մը քաղեցէք այս փորձառութենէն: Կ՛օգտուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տրամադիր էք ձեր տունը կամ գործը ձգելու եւ ճամբորդելու տեղ մը, որուն մասին կը մտածէիք երկար ատենէ ի վեր: Խոհեմութեամբ շարժեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ գործ կը փնտռէք, պիտի բախտաւորուիք ըստ ձեր փափաքին: Մնացէք աշխատասէր, ջանացէք դուք ձեզ հաստատել իբրեւ կարող աշխատող մը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին բերումով պիտի բարձրանաք, պիտի ունենաք նոր յաջողութիւններ: Շարունակեցէքտ մնալ գործունեայ եւ ստեղծագործ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր որոշում մը պիտի տաք ձեր ասպարէզին վերաբերեալ: Ձեր հետաքրքրութիւնը գոհացնող գործունէութիւն պիտի ունենաք յաջողութեամբ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ աշխատանքի պահուն: Պիտի կատարէք ձեր փափաքածը` ամենայն յաջողութեամբ: Սիրալիր մնացէք ամէնուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES