50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1963)

Անգրագիտութիւնը Աշխարհի Մէջ

Մեր օրերուն, երբ գիտութիւնը եւ մշակոյթը հասած են աներեւակայելի բարձունքներու, երբ գիտութեան, արուեստի եւ արհեստի մարզերուն մէջ ձեռք ձգուած նուաճումները կարելիութիւն ընծայեցին մարդուն թռիչք կատարելու դէպի տիեզերք եւ խորապէս ծանօթանալու նիւթին կառուցուածքին, գրեթէ անհաւատալի կը թուի, որ երկրագունդի չափահաս բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը գրել-կարդալ չի գիտեր:

Երեւութապէս տարօրինակ, բայց իր տրամաբանական պատճառները ունեցող այս կացութիւնը այսօր աւելի եւս կը գրաւէ մարդկութեան ուշադրութիւնը, երբ կ՛ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր զարգացումը եւ յառաջդիմութիւնը դարձած են աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու գլխաւոր մտազբաղումը: Հետեւաբար պատահական չէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 18-րդ նստաշրջանի օրակարգին վրայ գտնուի համաշխարհային գիծով անգրագիտութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու խնդիրը:

«Ամբողջ աշխարհի մէջ անգրագիտութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու համար համագործակցութիւն մը ստեղծելու» հարցը վիճաբանութեան դրուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին մէջ, այն փաստաթուղթին հիման վրայ, զոր պատրաստուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէկ որոշումին համաձայն: ՄԱԿ-ի եւ մանաւանդ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համար մարդկութեան այս չարիքին` անգրագիտութեան վերացման խնդիրը կը հանդիսանայ անոր բոլոր ծրագիրներուն գլխաւոր նպատակներէն մէկը` սկսած 1946-ի ընդհանուր խորհրդաժողովի առաջին նստաշրջանէն իսկ:

Անգրագիտութեան վերացումը եւ անհետացումը պիտի բերեն նաեւ գործօն նպաստ մը այն պայքարին, որ կը մղուի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ ճանաչման ու հասկացողութեան համար եւ, հետեւաբար, նպաստ մը համաշխարհային խաղաղութեան ամրապնդման դատին: Այս իրողութիւնը ընդգծուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 16-րդ նստաշրջանի որոշման մէջ, ուր ցոյց կը տրուի «այն կարեւորութիւնը, որ կը ներկայացնէ կարդալ-գրելը, ինչպէս եւ ընդհանուր ուսումը ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ եւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման համար»: Այլ խօսքով, համաշխարհային գետնի վրայ անգրագիտութեան  հաշուեյարդարը կը հանդիսանայ միջազգային կարեւոր խնդիր մը, որ կը սպասէ իր լուծման:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ յանձնարարուած պարտաւորութիւնը կատարելու եւ այժմու նստաշրջանին ներկայացուած «Ընդհանուր գրագիտութեան համար համաշխարհային արշաւի» փաստաթուղթը պատրաստելու համար, ԵՈՒՆԵՍՔՕ ձեռնարկեց միջազգային քննութեան մը, որուն արդիւնքները ներփակուած են յիշեալ փաստաթուղթին մէջ: Թէպէտեւ անոնք հեռու են լրիւ ըլլալէ, սակայն ուղղակի ցնցող են: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին 700 միլիոն անչափահաս անգրագէտներ, ինչ որ կը ներկայացնէ երկրագունդի չափահաս բնակչութեան երկու հինգերորդը (տասնհինգ տարեկանէն վեր): Ասոնցմէ հինգ հարիւր միլիոնը կը գտնուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Այսպէս, 105 միլիոն Ափրիկէի, 345 միլիոն Ասիոյ եւ 45 միլիոն` Լատին Ամերիկայի մէջ:

Մեծ թիւով անգրագէտներ գոյութիւն ունին այն երկիրներուն մէջ, որոնք դեռ մինչեւ վերջերս գաղթավայրեր էին եւ կամ կը գտնուէին թերաճ զարգացման փուլին մէջ:

Նշենք կարգ մը տուեալներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստաթուղթէն: Այսպէս, Պոլիվիոյ մէջ անգրագէտներու թիւը կը կազմէ երկրի բնակչութեան ընդհանուր թիւէն վաթսուն առ հարիւրը, Հայիթիի մէջ` 90, Իրանի մէջ` 80, Նիկերիոյ մէջ` 58, Փաքիստանի մէջ` 90, Թունուզի մէջ` 65-70 առ հարիւրը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կատարած քննութիւնը երեւան հանեց նաեւ այն իրողութիւնը, որ թէեւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ կարգ մը միջոցներ ձեռք առնուած են պայքարելու համար անգրագիտութեան չարիքին դէմ, այնուամենայնիւ աճման մէջ է անգրագէտներու թիւը: Այս երեւոյթը ունի իր բացատրութիւնը, այն, որ մէկ կողմէ արագ թափով կ՛աճի երկրագունդի բնակչութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ մը երկիրներու մէջ անբաւարար են գործադրուած միջոցները` վերցնելու համար անգրագիտութիւնը: Օրինակ, Էքուաթորի Հանրապետութեան մէջ, ուր անգրագէտները կը ներկայացնեն ազգաբնակչութեան 44 առ հարիւրը (մօտ 4,5 միլիոն), անոնցմէ միայն 6067 անձ կը մասնակցի գրագիտութեան դասընթացքներուն:

Անգրագէտներու թիւին աճը, սակայն, ունի ուրիշ պատճառ մը եւս: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գնահատումներուն համաձայն, կարեւոր թիւով երկիրներու մէջ դպրոցական տարիք ունեցող երեխաներուն կէսէն աւելին երբեք դպրոց չեն յաճախեր, իսկ արձանագրուածներուն մեծ մասը կը հեռանայ դպրոցէն` դեռ լրիւ գրել-կարդալ չսորված:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ընդհանուր գրագիտութեան համար համաշխարհային արշաւի» ծրագիրը կը նախատեսէ ապագայ տասը տարիներու ընթացքին Ափրիկէի, Ասիոյ եւ  Լատին Ամերիկայի թերաճ երկիրներու անգրագէտներու թիւին նուազումը երկու երրորդով: Այս խնդիրին լուծումը դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք որոշ երկիրներու դժուար կացութիւնը:

Աշխարհի հանրային կարծիքը շահագրգռութեամբ պիտի հետեւի ՄԱԿ-ի ներկայ նստաշրջանի օրակարգին վրայ դրուած «Համագործակցութիւն` ամբողջ աշխարհի մէջ անգրագիտութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու համար» տեղի ունենալիք վիճաբանութիւններուն` սպասելով միջոցառումներու, որոնք նպաստեն անգրագիտութեան վերացումին եւ ընդհանուր տարրական ուսման ներմուծումին աշխարհի մէջ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ուսման իրաւունքը մարդու հիմնական իրաւունքներէն մէկն է:

Թ.Ա.Թ.

Share this Article
CATEGORIES