Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տօնական հով մը կը փչէ ձեր տան մէջ: Հիւրեր պիտի ունենաք, ձեր բարեկամները, որոնց կեցութիւն կրնայ երկար տեւել, նկատի առէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջը կամ ամէն տեղ թշնամիներ մի՛ փնտռէք: Բարի կամեցողութեամբ եւ ժպիտով կրնաք պարտութեան մատնել չարամիտները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յանկարծակի տրամադրութիւն մը պիտի ստեղծուի ձեր սրտին մէջ` ճամբորդելու փափաքով: Քիչ մը մտածեցէք, ապա որոշում տուէք: Մի՛ աճապարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ չէք ուզեր անկարգ կամ անկանոն վիճակի մէջ գտնուիլ, ուշադիր եղէք ձեր վարչական կամ պաշտօնական թուղթերուն: Խնամքով պահեցէք զանոնք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը ուշադրութիւն ըրէք ձեր անձին: Ուրիշներ ձեզ կը յոգնեցնեն: Ձեր անձնական գործերը կատարեցէք, ապա` ուրիշ բաներ: Իմաստուն եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հաճելի պահեր ստեղծեցէք դուք ձեզ համար: Առաւօտեան աղուոր զբօսանք մը կատարեցէք բնութեան մէջ: Օրը բարի է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արուեստի վերաբերեալ ներշնչումներ եւ իրագործումներ պիտի ունենաք առանձնաբար եւ խմբական: Պատրաստ եղէք աշխատանքի ամենայն սիրով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ մանր մունր մտահոգութիւն ունենաք, կարեւորութիւն մի՛ տաք, այլ լայն շունչ առէք` «այս ալ կ՛անցնի » ըսելով: Նոյն ատեն ունիք անակնկալ յաջողութիւններ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գործերուն մէջ մխրճուած էք, ձեր կարելիութենէն աւելին ձեռնարկած էք, հետեւաբար հանգիստի պէտք ունիք: Դուրս ելէք` մաքուր շունչ առնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը փափաքիք նուէրներ ընծայել ձեր շուրջիններուն, բայց ձեր կարողութեան սահմանը մի՛ անձնիք: Մի՛ փճացնէք ձեր ունեցածը, իմաստուն եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Իւրայատուկ ոճ մը ունիք ընկերային ձեր յարաբերութեան մէջ: Շուտով կը հմայէք ձեր խօսակիցը կամ շուրջինները: Երանի ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ առանձին կը զգաք կամ քիչ մըն ալ անհանգիստ` կրիփով, տաքուկ անկիւն մը գտէք եւ հանգստացէք: Նախընտրելի է խմել տաք հեղուկներ:

